ԵՐԵՒԱՆ.- «Թերթ» լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ «Կասկադ բանկի» գործադիր տնօրէն Ահարոն Լեւոնեան հերքած է այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց «Ամերիաբանկը» գնած է «Կասկադ բանկը»: Ըստ Լեւոնեանի, ««Կասկադ բանկ»ը չի նախատեսում «Ամերիաբանկ»ի հետ ունենալ միաւորման կամ բաժնետոմսերի վաճառքի որեւէ գործարք»:
«Թերթ»ը կը յիշեցնէ, որ Ապրիլի վերջերուն տեղեկութիւններ տարածուած են այն մասին, թէ՝ «Ամերիաբանկ»ը կը ծրագրէ գնել «Կասկադ բանկ»ը: Այդ օրերուն, «Կասկադ բանկ»ի պատասխանատուները ոչ հաստատած, ոչ ալ հերքած էին այդ լուրերը:
Միւս կողմէ, «Ամերիաբանկը» յայտարարած էր իր դրամատուն մը գնելու մտադրութեան մասին, սակայն ձեռնպահ մնացած էր իր կողմէ գնուող դրամատան անունը հրապարակելէ՝ պատճառաբանելով, որ գործարքը աւարտած չէ:
Նշենք, որ «Կասկադ բանկ»ը կը պատկանի ամերիկահայ գործարար Ճերըրտ Քաֆէսճեանի «Քաֆէսճեան ընտանեկան հիմնարկութեան», որ, ըստ մեզի հասած տեղեկութեանց, վերջին շրջանին կասեցուցած է Հայաստանի մէջ իր սկսած շարք մը ձեռնարկութիւնները, յատկապէս՝ թանգարանի կառուցման աշխատանքները: