Տիկնանց միութեան 57րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 30ին՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: Ժողովի ատենապետուհին էր Արաքսի Պոյամեան, իսկ ատենադպրուհին՝ Անի Լանուզա: Առաջնորդին բացման աղօթքէն ետք կարդացուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին առաքած պատգամն ու անոր անգլերէն թարգմանութիւնը: Վէն Նայզի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան տուաւ օրուան հոգեւոր պատգամը, հայերէնով եւ անգլերէնով ու գնահատեց Տիկնանց միութեան կատարած նուիրեալ ծառայութիւնը:
Ապա նկատի առնուեցան Տիկնանց միութեան գործունէութեան վերաբերող շարք մը տեղեկագիրները, որոնք տպուած էին յատուկ գրքոյկի մը մէջ ու վաւերացուեցաւ 2009-2010 տարեշրջանի ամավարկը: Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն՝ ի յիշատակ վախճանաց անդամներու:
Փակման խօսքը կատարեց ատենապետուհի Արաքսի Պոյամեան, որ Տիկնանց միութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդին, իր լուրջ հետաքրքրութեան, հոգածութեան եւ տուած ցուցմունքներուն համար: Իսկ սրբազան հայրը իր փակման խօսքին մէջ գնահատեց Տիկնանց միութեան Կեդրոնական խորհուրդի եւ բոլոր մասնաճիւղերու օգտակար ծառայութիւնները եւ մասնակցութիւնը կազմակերպուած ձեռնարկներուն:
Կարգ մը կենսական նիւթերու շուրջ հաւաքական խորհրդածութիւններէ ետք, տեղի ունեցան ընտրութիւններ: Կեդրոնական խորհուրդի ներկայ կազմը հետեւեալն է. Արաքսի Պոյամեան (ատենապետ), Լենա Սիմոնեան (փոխատենապետ), Անի Լանուզա (ատենադպրուհի), Այտա Սէթեան (թղթակցութեանց քարտուղարուհի), Պէքի Ճորճորեան (գանձապահ), Մելինէ Աղաճանեան, Ալիս Իսկէնտէրեան ու Արփի Պարսամ:
Առաջնորդը նորընտիր Տիկնանց միութեան Կեդրոնական խորհուրդի կազմին պաշտօնավարութեան հաստատման արարողութիւնը կատարեց եւ օրհնեց զայն: