ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր վերջերս Մոնթրէալ կը գտնուէր Place des Arts-ի մէջ 4 համերգներ ներկայացնելու: Այս առթիւ ան ստացաւ 2 պարգեւատրումներ՝ առաջինը Մոնթրէալի համալսարանին կողմէ, իսկ երկրորդը՝ Քէպէքի կառավարութեան:
Այսպէս, Մոնթրէալի համալսարանը Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2009ին Ազնաւուրին շնորհեց պատուոյ դոկտորայի կոչում (doctorat honoris causa), իբրեւ «Ճանաչում իր ունեցած բացառիկ ներդրումին՝ ֆրանսական մշակոյթին մէջ համաշխարհային գետնի վրայ»:
Համալսարանի շրջանակէն հիւրերու, ինչպէս նաեւ հայ գաղութէն հրաւիրեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին Քէպէքի մշակոյթի նախարար Քրիստին Ս. Փիէր եւ քէպէքցի նշանաւոր երգիչ Ռապըրթ Չարլպոյս դրուատեցին հայազգի 85ամեայ արուեստագէտը, որուն երգերը հնչած են աշխարհքի չորս կողմերը:
Իսկ Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2009ին, Մոնթրէալի Musee des beaux-arts-էն ներս կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին, Քէպէքի վարչապետ Ժան Շարէ պարգեւատրեց Շարլ Ազնաւուրը «Ordre national du Quebec»ով, որ բարձրագոյն շքանշանն է Քէպէքի մէջ:
Շարլ Ազնաւուր, զգացուած պարգեւատրման պահուն՝ լրագրողներուն յայտնեց. «Կարեւոր է պարգեւատրուիլ երկրէ մը, զոր կը սիրես եւ որ քեզ կը սիրէ»:
Նշենք, որ անցեալ տարուան ընթացքին Ազնաւուր պարգեւատրուած էր Քանատայի բարձրագոյն շքանշանով՝ «Ordre national du Canada»ով:
Նշենք, որ 2010ի աշնան Մոնթրէալ պիտի ժամանէ Ազնաւուրի «Je mvoyais deja» ներկայացումը, որուն ընթացքին կը կատարուին Ազնաւուրի ամէնէն ծանօթ երգերը եւ որ այս պահուս մեծ յաջողութիւն կը գտնէ Ֆրանսայի մէջ: Ազնաւուրին աղջիկը՝ Քաթիա Ազնաւուրն է այս երաժշտական թատերգութեան գաղափարի յղացման հեղինակը: