ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Կիրակի, Մայիս 10ին յայտարարեց, որ Վրաստանի մէջ ՆԱԹՕի ռազմափորձերը Միացեալ Նահանգներու հետ Մոսկուայի յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերուն չեն նպաստեր։
Փութին ըսաւ, թէ Վրաստանի մէջ ռազմափորձերը զօրակցութեան ցուցանիշ են վրացական իշխանութիւններուն, որոնք անցեալ շաբաթ ցուցարարներու հետ բախում ունեցան։
Պատասխանելով Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու Ուաշինկթընի ջանքերուն մասին հարցումի մը՝ Փութին յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու այժմու ղեկավարութիւնը պիտի վերցնէ երկու երկիրներուն յարաբերութեանց վնաս հասցնող ազդակները, եւ այդ յարաբերութեանց իրապէս նոր խորք տալու նպաստող քայլերու պիտի դիմէ:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Մոսկուայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմին արձանագրուած յաղթանակի նշումի զինուորական տողանցքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ խիստ կերպով զգուշացուց որեւէ երկիր, որ «զինուորական արկածախնդրութիւններու» մասին կը մտածէ։ Ան ըսաւ, թէ այդ պարագային, այդ երկիրները յարմար պատասխանը պիտի ստանան։
Միւս կողմէ, Եւրոպական միութեան հովանաւորութեամբ Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած Հարաւային Օսէթիոյ միջեւ ծրագրուած երկրորդ հանդիպումը կարելի չեղաւ իրականացնել շաբաթավերջին, որմէ ետք փոխադարձ ամբաստանութիւններ կատարուեցան Վրաստանի եւ Հարաւային Օսէթիոյ իշխանութեանց միջեւ:
Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Ապրիլ 23ին, առանց յատկանշական արդիւնք մը ապահովելու: