ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Պասքէթպոլի յայտնի մարզիչ Ճէրի Թարքանեան, իմանալով, որ Թէքէեան մշակութային միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի «Առիւծներ»ը միակ հայկական պասքէթպոլի խումբն է, որ կը մասնակցի Լաս Վեկասի մէջ կայացող «Տապըլ Փլամբ» երկրորդական վարժարաններու տղոց «Միայն աստղեր»ու մրցաշարքին՝ որոշած է անպայման հանդիպիլ խումբին, անոր մարզիչին եւ խումբի անդամներու ծնողներուն հետ:
Պատանի մարզիկները հաւանաբար լսած ալ չէին Նեւատա համալսարանի երբեմնի հռչակաւոր մարզիչին մասին, սակայն Արշակ Տիգրանեան վարժարանի «Առիւծներ»ու մարզիչ Ռուտոլֆ Ռամէն ու մարզիկներու ծնողները լաւ գիտէին, թէ ո՛վ է Թարքանեան:
Յայտնի մարզիչը առիթը օգտագործեց ու խորհուրդներ տուաւ հայ պատանիներուն, որպէսզի կարենան աւելի լաւ կերպով հանդէս գալ ընդդէմ առաւել փորձառու հակառակորդին: