ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան մրցակցութեան հարցերու յանձնաժողովը Չորեքշաբթի, Մայիս 13ին վճիռ մը արձակեց համակարգիչներու գլխաւոր կտորները արտադրող ամերիկեան «Ինթէլ» ընկերութեան դէմ՝ զայն ամբաստանելով ապօրինի միջոցներով մրցակիցներուն եւ յաճախորդներուն վնաս հասցնելու յանցանքով:
Յանձնաժողովը 1.06 միլիառ եուրոյի (մօտաւորապէս 1.45 միլիառ տոլար) տուգանք մը սահմանեց ընկերութեան դէմ, ինչ որ անցեալ տարի համակարգիչներու մարզի այլ հսկայի մը՝ «Մայքրոսոֆթ»ի դէմ արձակուած 889 միլիոն եուրօ գումարէն աւելի էր:
Մենատիրութիւն հաստատելու «Ինթէլ» ընկերութեան քայլերէն գլխաւոր տուժողը եղած էր անոր գլխաւոր մրցակիցը՝ «AMD»ն: