ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, Օթիզմի միջազգային հիմնարկը որոշած է «Հայ մարզիկներ օթիզմի համար» դրամահաւաքի ձեռնարկ մը կազմակերպել «Pickwick Gardens Bowling Center»ի մէջ (1001 Riverside Drive, Burbank, CA 91506), հասոյթը տրամադրելով Հայաստանի մէջ օթիզմով երեխաներու օժանդակութեան նպատակներուն:
Ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցին հայազգի յայտնի մարզիկներ, տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 17ին, կ.ե. ժամը 1:30էն 4:
Օթիզմի միջազգային հիմնարկը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէ կարիքաւոր երեխաներու, Հայաստանի մէջ կը գործակցի Երեխաներու զարգացման միջազգային կեդրոնին հետ՝ նպաստներ հասցնելու օթիզմով տառապող երեխաներուն:
Անոնք, որոնք կը փափաքին հովանաւորել սոյն ձեռնարկը, կրնան դիմել Օթիզմի միջազգային հիմնարկի զարգացման աշխատանքներու վարիչ Արփինէ Աւտալեան Սարգսեանին: Արծաթ մակարդակի հովանաւորման սակը 400 տոլար է, ոսկիինը՝ 500, իսկ փլաթինումինը՝ 1500 տոլար:
Մրցաշարքին մասնակցող 5 հոգինոց խումբի մը մասնակցութեան սակը 200 տոլար է: Այդ սակը 15 տոլար է անոնց համար, որոնք չեն փափաքիր մրցաշարքին մասնակցիլ:
Մասնակիցներուն անվճառ ճաշ պիտի տրամադրուի եւ տեղի պիտի ունենայ վիճակահանութիւն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 550-6210 թիւին կամ arpine.avdalyan@yahoo.com համացանցային հասցէին: