ԼԱ ՔՐԵՍԷՆԹԱ.- Կիրակի, Մայիս 17ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Քրեսէնթա հովիտի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀԵԴի «Զարթօնք» ուխտին կազմակերպած դասախօսական ելոյթներու «Յառաջդիմութեան յատակագիծ» շարքին առաջինը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ տնտեսագէտ Արա Խանճեան:
Վենթուրա համալսարանի դասախօս եւ Հայկական միջազգային քաղաքական ուսումնասիրութիւններու խմբակի վարչական կազմի անդամ Արա Խանճեան պիտի ներկայացնէ աշխատաւորական միութիւններու պատմականն ու նպատակները, ինչպէս նաեւ անոնց դերակատարութիւնը ամերիկահայութեան նպատակներուն հասնելու աշխատանքներուն մէջ:
Քրեսէնթա հովիտի Հայ կեդրոնին հասցէն է՝ 2633 Honolulu Blvd., Montrose:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել www.ayf.org համացանցային կայքին կամ ayfzartonk@gmail.com հասցէին: