ԵՐԵՒԱՆ.- , լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ ինք միամտութիւն կը նկատէ հաւատալը, որ Մայիս 31ին արդար ընտրութիւն պիտի կայանայ: Իր այս համոզումը պատգամաւորը կը հիմնաւորէ նախագահական վերջին ընտրութիւններով, նաեւ՝ նախընտրական այս շրջանին նկատուող որոշ իրողութիւններով:
«Գիտենք դպրոցի տնօրէններ, որոնց համայնքներում ահաբեկում են: Ես հիմա պիտի վարանեմ անուններ ասել, որովհետեւ վաղը-միւս օրը նրանք կը կանգնեն աշխատանքից ազատուելու առաջ», յայտնած է Լիլիթ Գալստեան:
«Առաջնային խնդիր է, որ Երեւանում պաշտպանուած լինեն բոլորի իրաւունքները, եւ բոլորը ունենան հաւասար պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութիւն», յայտնած է Գալստեան: