ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկի բանտէն Մայիս 13ին ազատ արձակուած է «7ի գործ»ով մեղադրուած Շանթ Յարութիւնեանը, որովհետեւ, փորձագէտներու եզրակացութեամբ՝ «Յանցագործութիւն կատարելու պահին Շանթ Յարութիւնեանը եղել է անմեղսունակ», հետեւաբար իրեն դէմ յարուցուած ամբաստանութիւնը (զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպել) կարճուած է:
Այս առիթով Շանթ Յարութիւնեան լրագրողներուն ըսած է. «Դատարանի որոշումը կարդացի, քցեցի մի կողմ, ոչ էլ ազատականը ստորագրեցի», դժգոհելով, որ դատարանը երկակի եզրակացութիւն գրած է, իբր թէ Մարտ 1ին ինք չէ գիտակցած իր կատարածներուն վտանգաւորութիւնը: «Կոպիտ ասած՝ Մարտի 1ին գիժ եմ եղել, բայց դրանից առաջ էլ գիժ չէի եւ հիմա էլ գիժ չեմ: Աբսուրդ (անհեթեթ-Խմբ.) բան են գրել», յայտնեց Յարութիւնեան:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 9ին, «7ի գործ»ով դատավարութեան ընթացքին դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան կասեցուցած էր Շանթ Յարութիւնեանի վերաբերեալ վարոյթը մինչեւ անոր առողջական վիճակի բարելաւումը, հետեւաբար, Մարտ 17ին զինք փոխադրած էին «Նուբարաշէն» հոգեբուժարանը, իսկ Ապրիլ 14ին՝ կրկին վերադարձուած «Վարդաշէն»ի բանտը: