ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երեքշաբթի, Մայիս 12ին կ՛ակնկալուէր, որ ի գործ դրուէր Իրան-Հայաստան կազատարը, որուն շնորհիւ Հայաստան պիտի սկսի Իրանէն կազ ստանալու: Այդ մասին «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած զրոյցին ընթացքին հաղորդեց Հայաստանի ուժանիւթի նախարարութեան խօսնակ Լուսինէ Յարութիւնեան:
Կողմերուն միջեւ 2004ին ստորագրուած պայմանագրին համաձայն, Հայաստանը իրանական կազին դիմաց պիտի վճարէ ելեկտրականութիւն՝ իւրաքանչիւր խորանարդ մեթրի փոխարէն ժամական 3 քիլօուաթ, իսկ գործարքի բացման մանրամասները քննարկելու նպատակով, Մայիս 11ին Երեւան ժամանած է Իրանի կազի ազգային ընկերութեան տնօրէն Սէյէտ Ռեզա Քասաիզատէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Մատակարարումը պիտի սկսի օրական շուրջ 2 միլիոն խորանարդ մեթրով, որ պիտի կրկնապատկուի առաջին երկու տարիներուն, իսկ 2011էն ետք պիտի անցնի օրական 6 միլիոն խորանարդ մեթրի սահմանը:
Նախքան Երեւան ժամանումը, Սէյէտ Ռեզա Քասաիզատէ լրագրողներուն յիշեցուցած էր, որ կողմերը պայմանաւորուած էին փոխանակումը սկսիլ 2007ի Յունուարին, «սակայն հայերը հետագային ըսին, թէ պատրաստ չեն», ըսած է տնօրէնը՝ աւելցնելով, որ այժմ Հայաստանը պատրաստ է այդ ծրագիրի մեկնարկին:
Շուրջ 140 քիլոմեթրանոց կազատարի շինարարութիւնը հայկական կողմը պաշտօնապէս աւարտեց 2008ի Դեկտեմբերին: