ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան թելեթոնը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 31ին, Քալիֆորնիոյ ժամով կ.ե. ժամը 3էն երեկոյեան ժամը 9, պիտի սփռուի Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքին, պատկերասփիւռի կայաններու եւ համացանցին միջոցաւ՝ առիթ ընծայելով Հայ Դատի համակիրներուն, որ գործնական մասնակցութիւն բերեն անոր աշխատանքներուն:
«Ամերիկահայ գաղութը արդէն իսկ յատկանշական իրագործումներ ապահոված է քաղաքական կեանքին մէջ իր գործօն մասնակցութեանց շնորհիւ եւ այս թելեթոնը առիթ մըն է, որ այդ յաջողութիւններուն վրայ նոր իրագործումներ ապահովելու գործընթացին նախաքայլը պիտի ըլլայ», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի թելեթոնի յանձնախումբի ատենապետ Լեոնարտ Մանուկեան:
Ան նաեւ թելեթոնը լաւ առիթ մը կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայութեան քաղաքական գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնելու, միաժամանակ աւելի աշխուժ դարձնելով տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու վրայ քաղաքական աշխատանքը:
Թելեթոնը պիտի սփռուի հետեւեալ կայաններէն.
ԱՐԻԶՈՆԱ
Ֆինիքս, Սքացտէյլ եւ Թէփի շրջաններուն մէջ՝ «COX 22» կայանէն, Խաղաղականի ժամով՝ երեկոյեան ժամը 6էն 9:
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ
Ֆրեզնօ, Վիսալիա եւ ամբողջ Կեդրոնական Քալիֆորնիա շրջանին մէջ՝ «KGMC 43» կայանէն.
Սան Ֆրանսիսքօ եւ Օքլընտ շրջաններուն մէջ՝ «KFTY 50» կայանէն.
Սան Հոզէ եւ Ծովածոցի շրջաններուն մէջ՝ «KFTY 50» կայանէն.
Կլէնտէյլ, Պըրպէնք եւ Լա Քրեսէնթա շրջաններուն մէջ՝ «Charter 285» կայանէն.
Մեծն Լոս Անճելըսի մէջ՝ «KSCI 18» կայանէն.
Քալիֆորնիոյ մէջ թելեթոնը պիտի սփռուի կ.ե. ժամը 3էն երեկոյեան ժամը 9:
ԻԼԻՆՈՅ
Շիքակոյի մէջ՝ «WJYS 62» կայանէն, երեկոյեան ժամը 5-11, Կեդրոնական ժամով:
ՄԷՍԷՉՈՒՍԷՑ
Մեծն Պոսթըն շրջանին մէջ՝ «WZMY 50» կայանէն, երեկոյեան ժամը 6էն 12, Արեւելեան ժամով:
ՄԻՇԻԿԸՆ
Տիթրոյիթի մէջ՝ «WMYD 20» կայանէն, երեկոյեան ժամը 6էն 12, Արեւելեան ժամով:
ՆԵՎԱՏԱ
Լաս Վեկասի մէջ՝ «KVMY 12», կայանէն, կ.ե. ժամը 3էն երեկոյեան ժամը 9, Խաղաղականի ժամով:
ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ՝ «WRNN 48» կայանէն, երեկոյեան ժամը 6էն 12, Արեւելեան ժամով:
ՓԵՆՍԻԼՎԱՆԻԱ
Ֆիլատելֆիոյ մէջ՝ «WTVE 51» կայանէն, երեկոյեան ժամը 6էն 12, Արեւելեան ժամով:
ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏ
Փրավիտըսնի մէջ՝ «RINC 5» կայանէն, երեկոյեան ժամը 6էն 12, Արեւելեան ժամով:
Թելեթոնը նաեւ ուղղակի պիտի սփռուի համացանցէն՝ 2009telethon.org հասցէով:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դրամահաւաքի այս արշաւին միանալու համար, դիմել (877) 808-ANCA թիւին: Նուիրատուութիւն կարելի է կատարել՝ այցելելով www.2009telethon.org/donate.php համացանցային կայքէջը, կամ՝ ANCA Endowment Fund Telethon, 104 N. Belmont Ave Suite 305, Glendale, CA 91205 հասցէով:
Թելեթոնին հասոյթը պիտի տրամադրուի հայկական հարցերու նկատմամբ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի հայութեան մտահոգութիւնները պետական զանազան մակարդակներու վրայ լսելի դարձնելու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ պահանջատիրական աշխատանքը աւելի ազդու դարձնելու փորձերուն: