Բրիտանահայկական խորհրդարանական համակուսակցական խումբին հրաւէրով, 7 Մայիսին ելոյթ ունեցայ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յատուկ խորհրդաժողովի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ խորհրդարանի շէնքին մէջ, Լոնտոն։
Երուսաղէմի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Իսրայէլ Չարնին եւս հրաւիրուած էր իր խօսքը փոխանցելու այդ խորհրդաժողովին։ Դժբախտաբար, անակնկալ անհանգստութեան պատճառով, տոքթ. Չարնին չկրցաւ ներկայ գտնուիլ։ Ան իր պատգամը գրաւոր ղրկած էր՝ «Ցեղասպանութեան ուրացումը միայն քաղաքական մարտավարութիւն մը չէ, այլեւ՝ յարձակում մը պարկեշտ մարդոց միտքերուն եւ զգացումներուն դէմ» վերնագիրով։ Անիկա ընթերցուեցաւ «Պի.Պի.Սի. ռէտիօ»ի նախկին հաղորդավարներէն Փիթըր Պարքըրին կողմէ։
Խորհրդաժողովի նախագահն էր Լորտերու տան անդամ պարոնուհի Քոքսը, որ նաեւ նախագահն է Բրիտանահայկական խորհրդարանական համակուսակցական խումբին։ Ներկայ էին Լորտերու տան անդամներ, արտաքին գործոց նախարարութեան հայկական գրասենեակի պատասխանատուն, Յունաստանի, Քուէյթի, Սերպիոյ, Սլովենիոյ եւ Սուրիոյ դեսպանատուներէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ուսումնասիրողներ, թղթակիցներ եւ այլ ականաւոր հիւրեր։
Իմ խօսքիս մէջ, որուն վերնագիրն էր՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ արդարութեան խնդիրը», ես մէջբերեցի ՄԱԿի, Եւրոպական խորհրդարանի, աւելի քան քսան երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան, նախագահ Ռիկընի, ամերիկեան յիսուն նահանգներէն քառասուներկուքին եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրողներու միջազգային ընկերակցութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումները։
Ես եզրակացուցի, թէ՝ «Այսքան ճանաչումներէ ետք, Հայկական Ցեղասպանութիւնը միջազգայինօրէն ճանչցուած պատմական իրականութիւն մը դարձած է»։
Նաեւ ցաւ յայտնեցի, որ Մեծն Բրիտանիան կը շարունակէ մնալ այն հազուագիւտ մեծ երկիրներէն մէկը, որ տակաւին չէ ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Դիտել տուի, թէ՝ «Բրիտանիան ուրացող երկիրի մը կողքին կը կանգնի ոչ թէ փաստերու անբաւարարութեան կամ համոզումի պակասի պատճառով, այլ՝ դժբախտաբար, զուտ քաղաքական նկատառումներով՝ ջանալով հաճեցնել Թուրքիան»։ Ապա կոչ ուղղեցի բրիտանացի պաշտօնատարներուն, որ մտիկ ընեն վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլի զգուշացման խօսքերուն, թէ՝ «Ուրիշը գոհացնելու ջանք թափողը կը նմանի այն մարդուն, որ կոկորդիլոս մը կը կերակրէ՝ յուսալով, որ զինք ամէնէն վերջը կ՛ուտէ»։
Ես դիտել տուի, թէ հայերը այլեւս պէտք չունին աշխարհին համոզելու, թէ 1915էն 1923ի միջեւ պատահածը «ցեղասպանութիւն» էր։
Ստորեւ՝ հատուածներ 7 Մայիսին իմ արտասանած խօսքէն.
«Սակայն պարզ ճանաչում մը կամ ներողութիւն մը պիտի չբուժէ վէրքերը եւ վերացնէ Ցեղասպանութեան հետեւանքները։ Հայերը տակաւին կը սպասեն արդարութեան կիրարկման՝ վերատիրանալու համար իրենց պատմական իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ իրենց բռնագրաւուած հողերուն եւ կալուածներուն։
«Վերջին տարիներուն ամերիկահայ իրաւաբաններ յաջողեցան քրէական գործեր յարուցել Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններուն մէջ՝ միլիոնաւոր տոլար ապահովելով «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ ֆրանսական «Էյ.Էքս.Էյ» ապահովագրութեան ընկերութիւններէն, իբրեւ չվճարուած գումարները այն ապահովագրուածներուն, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին Ցեղասպանութեան ընթացքին։ Կան այլ ապահովագրութեան ընկերութիւններու եւ գերմանական դրամատուներու դէմ յարուցուած շարք մը քրէական գործեր, որոնք ընթացքի մէջ են եւ կը նպատակադրեն Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն պատկանող գումարները վերադարձնել։
«1915ին, երկրի կեդրոնական ղեկավարութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած փորձ մը կատարուեցաւ իր պապենական հայրենիքէն արմատախիլ ընելու եւ ջարդելու ամբողջ ազգ մը՝ վերապրողները զրկելով իրենց մշակութային աւանդէն, ինչպէս նաեւ իրենց տուներէն, հողերէն, պաշտամունքի տուներէն եւ սեփական կալուածներէն։
«Կոշտ անարդարութիւն մը գործադրուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ, ինչ որ իրաւունք կու տայ անոր, ինչպէս Հրէական Ողջակիզման պարագան է, որ արդար հատուցում ստանայ իր հսկայական կորուստներուն համար։
«Հատուցումը կրնայ շատ մը ձեւերով ըլլալ։ Իբրեւ սկզբնական քայլ, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը կրնայ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան իրաւասութեան տակ դնել բոլոր այն հայկական եկեղեցիները եւ կրօնական կոթողները, որոնք բռնագրաւուած էին, մզկիթներու կամ պահեստատուներու վերածուած կամ ալ ուղղակիօրէն քանդուած էին։
«Թուրքիոյ հանրապետութեան կողմէ կամաւոր հատուցումի պատրաստակամութեան բացակայութեան, հայերը կրնան դիմել դատավարութեան ձեւին՝ «վերահաստատիչ արդարութեան» հետամուտ ըլլալով:
«Օրինական դիմումի պարագային, պէտք է նկատի առնել այն իրականութիւնը, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ոչ սկսաւ եւ ոչ ալ վերջ գտաւ 1915ին։
«Մեծածաւալ ցեղասպանական արարքներ գործադրուեցան տարբեր հանգրուաններով, սկսեալ՝ սուլթան Ապտիւլ Համիտի կողմէ երեք հարիւր հազար հայերու ջարդէն՝ 1894էն 1896, անցնելով Երիտասարդ Թուրքերու վարչակարգին կողմէ Ատանայի երեսուն հազար հայերու ջարդին՝ 1909ին եւ հասնելով մէկուկէս միլիոն հայերու ջարդին՝ 1915էն 1923, որուն յաջորդեց Թուրքիոյ հանրապետութեան կողմէ հազարաւոր հայերու բռնի թրքացումը եւ տեղահանութիւնը։
«Թուրքիոյ հանրապետութեան առաջին ղեկավարներուն մեծ մասը օսմանեան վարչակարգի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ էին, որոնք մաս կազմած էին Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագրման։ Ղեկավարութեան այդ անընդհատ յաջորդականութիւնը ապահովեց օսմանեան հակահայ քաղաքականութեան շարունակելիութիւնը։ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը՝ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնը, կրնայ պատասխանատու սեպուիլ Ցեղասպանութեան:
«Ամերիկեան արխիւներուն մէջ վերջերս յայտնաբերուած կարեւոր փաստաթուղթ մը կը հայթայթէ այն անժխտելի փաստը, թէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը շարունակեց արմատախլել եւ տեղահանել հայերուն մնացորդացը տակաւին մինչեւ 1930ական թուականները՝ մղուած ըլլալով զուտ ցեղապաշտական դրդապատճառներէ։ Վերոյիշեալ փաստաթուղթը «չափազանց գաղտնի» 2 Մարտ, 1934ի թուակիր հեռագիր մըն է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Փ. Սքինըրին կողմէ՝ Անգարայէն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած, տեղեկացնելու համար հայերուն տեղահանումներուն մասին:
«1920ական եւ 30ական թուականներուն, հազարաւոր հայ վերապրողներ բռնի կերպով դուրս դրուեցան Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի իրենց տուներէն դէպի Թուրքիոյ այլ շրջաններ կամ դրացի երկիրներ։ 1940ականներուն, այդ ցեղապաշտական քաղաքականութիւններուն յաջորդեց «Վարլիք Վերկեսի»ն՝ հայերուն, յոյներուն եւ հրեաներուն վրայ դրուած արտառոց ինչքի տուրքերը։ Առաւել, 1955ի Պոլսոյ հակահրէական ջարդերուն ընթացքին, մեծ թիւով յոյներ, ինչպէս նաեւ հայեր սպաննուեցան եւ անոնց կալուածները գրաւուեցան։
«æարդերու, ցեղասպանութեան եւ տեղահանումներու շարունակութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ գոյութիւնը երկար ժամանակի վրայ երկարող ռազմավարութեան մը, որ կիրարկուեցաւ թրքական յաջորդական վարչակարգերու կողմէ 1890էն սկսեալ մինչեւ աւելի նորօրեայ ժամանակները՝ Հայկական Հարցին վերջնական լուծում մը տալու մտադրութեամբ։
«Հետեւաբար, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը օրինականօրէն պատասխանատու է հայերուն դէմ իր գործած ոճիրներուն համար, ինչպէս նաեւ իր օսմանցի նախորդներուն կողմէ գործուածներուն համար։ Թուրքիա Օսմանեան կայսրութեան կալուածները ժառանգած է, ուստի պէտք է ժառանգած ըլլայ նաեւ անոր պատասխանատուութիւնները։
«Վերջապէս, տրուած ըլլալով, որ հայերը միշտ երեք յաջորդական պահանջներ կը նշեն՝ Ցեղասպանութեան «Ճանաչում», կորուստներու «Հատուցում» եւ հողերու «Վերադարձ»՝ թուրքերը համոզուած են, որ երբ Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, հայերը պիտի յառաջանան պահանջելու միւս երկու պահանջները:
«Այս է գլխաւոր պատճառը թուրքերուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան խիստ մերժումին։ Անոնք կը վախնան, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի առաջնորդէ հատուցման այլ պահանջներու։ Անոնք կը հաւատան, որ առաջին պահանջը զլանալով՝ արգիլած պիտի ըլլան միւս երկուքը, որոնք վստահաբար պիտի յաջորդեն անոր։
«Իրականութիւնը այն է, որ զանազան երկիրներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ որդեգրուած յիշատակութեան օրինագիծերը եւ աշխարհի ղեկավարներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին կատարուած հաստատումները օրէնքի ուժ չունին եւ, հետեւաբար՝ ոչ մէկ օրինական հետեւանք։
«Հայերը, թուրքերը եւ այս պատմական, այդուհանդերձ տակաւին ժամանակակից հարցին հետ առնչուած ուրիշներ պէտք է անդրադառնան, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը կամ ուրացումը ոչ պիտի յառաջ տանի ոչ ալ արգիլէ միջազգային օրինական հիմնարկներու կողմէ անոր նկատառումը։
«Երբ թուրք պաշտօնատարներ անդրադառնան, թէ ճանաչումը ինքնին չի կրնար առաջնորդել ուրիշ պահանջներու, եւ այդպէս պիտի չըլլայ ալ, անոնք կրնայ ըլլալ, որ ետ կենան այդ ողբերգական դէպքերը մտապաշարուած ձեւով ուրանալու իրենց կեցուածքէն։
«Առանց որեւէ յաւելեալ ճանաչում սպասելու, հայերը կրնան իրենց պատմական իրաւունքները հետապնդել յարմար օրինական խողովակներով, ինչպէս՝ Արդարութեան միջազգային ատեանին (ուր միայն պետութիւններ ունին այդ ձեւի իրաւասութիւն), Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային ատեաններուն միջոցաւ:
«Միջազգային օրէնքին վրայ հիմնուած արդարութիւնը պէտք է իր ընթացքը առնէ»։
Հարց-պատասխանի երկար ժամանակամիջոցէ ետք, Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վահէ Գաբրիէլեան արտասանեց եզրափակիչ խօսքը։ Երկու պատգամաբերներուն խօսքերուն հիման վրայ, Բրիտանահայկական խորհրդարանական համակուսակցական խումբը հրապարակեց յայտարարագիր մը՝ կոչ ուղղելով Բրիտանիոյ կառավարութեան, որ ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր