ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Մայիս 14ին, Մատենադարանի հիմնադրման 50րդ տարեդարձին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ հաստատութեան գիտական նոր մասնաշէնքին հիմնարկէքը: Նոր մասնաշէնքը իր ներքին տարածքով շուրջ 4 անգամով պիտի գերազանցէ հիմնական մասնաշէնքին տարածքը։
Մատենադարանի այս նոր կառոյցը, որուն ծախսերը կրնան անցնիլ 20 միլիոն տոլարի սահմանը, կը բարձրանայ հայ բարերար Սերգէյ Համբարձումեանի ներդրումներով:
Այս առթիւ, Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան, հայ մատենագրութեան աւանդոյթին համաձայն, ընթերցեց մագաղաթի վրայ զետեղուած յիշատակարանը, ապա զայն տեղադրեց արկի մը մէջ ու փոխանցեց Սերգէյ Համբարձումեանին։
«Այս պահին բոլորիս հոգում այն պայծառ տեսիլքն է, որ ժամանակ անց այստեղ բարձրանալու է նորակերտ համալիրը Մատենադարանի՝ ապահովուած լաւագոյն պայմաններով եւ արդիական հնարաւորութիւններով, որոնք անհրաժեշտ են ձեռագիր մատեանների, հնատիպ գրքերի, հնագոյն վաւերագրերի պահպանման եւ ուսումնասիրման համար», նշուած էր յիշատակարանին մէջ:
Տնօրէնը իր ելոյթին մէջ նաեւ յիշեց, թէ յաւերժ է այն ժողովուրդը, որ մատենադարան ստեղծած է եւ կը զարգացնէ զայն: Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հնագոյն ձեռագիրներու այս հիմնարկին մէջ կը պահուին այն հազարաւոր ձեռագիր մատեանները, որոնք ստեղծուած են ոչ միայն հայ մատենագիրներու եւ գրիչներու, այլեւ համայն հայութեան ջանքերով։ Իր պատմութեան ահեղ արհաւիրքներուն ընթացքին, հայ ժողովուրդը աչքի լոյսի պէս պահպանած է Մատենադարանին հարստութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն հազարամեակներու հսկայ մշակոյթ:
Նախօրինակը չունեցող գիտական այս կառոյցին ճարտարապետն է Արթուր Մեսչեան, որ հաստատեց, թէ ասիկա պարզապէս շէնք չէ. մասնաշէնքը պիտի ստեղծէ գրապահոցի եւ մատենադարանային աշխատանքներու իւրայատուկ հնարաւորութիւններ: Իսկ կեդրոնական մասնաշէնքը պիտի վերածուի ցուցասրահներու, հետեւաբար վեց անգամով պիտի մեծնան ցուցադրութեան դահլիճները: