ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ոստիկանութեան անցագրային եւ մուտքի արտօնութեան վարչութեան պետ, ոստիկանութեան փոխգնդապետ Նորայր Մուրադխանեան Մայիս 14ին լրատուամիջոցներուն հաղորդած է, թէ այս տարուան չորս ամիսներուն ընթացքին 67 անձեր իրենց երկիրներու քաղաքացիութենէն հրաժարած են եւ ընդունած՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն, իսկ 1190 անձեր՝ երկքաղաքացիութիւն: Մերժուած է եօթը դիմում:
Անցեալ տարի, իրենց նախկին քաղաքացիութենէն հրաժարած եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ընդունածներուն թիւը հասած էր 158ի, իսկ երկքաղաքացիութիւն ստացողներունը՝ 1396ի, նաեւ մերժուած էր 10 դիմում:
Մուրադխանեանի խօսքերով, քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմում ներկայացուցած են մեծ թիւով սփիւռքահայեր Լիբանանէն, Քանատայէն, ԱՄՆէն եւ այլ երկիրներէ: Ան յիշեց, թէ երկքաղաքացիութեան օրէնքի սահմանադրական ամրագրումը արդիւնաւէտ դեր ունեցաւ՝ նշելով, որ 1997էն 2007ի վերջը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է 1735 անձ, ապա երկքաղաքացիութեան օրէնքին շնորհիւ, 2008ին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է 1554 անձ, իսկ 2007էն մինչեւ թուականս, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է 2741 անձ: