ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Նաիրիտ» գործարանի մամլոյ քարտուղար Անուշ Յարութիւնեան Մայիս 14ին լրագրողներուն հաղորդած է, թէ նշեալ գործարանի արտադրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է ուժեղ պայթում մը: Առաջին տուեալներուն համաձայն, արձանագրուած է 3 զոհ եւ ութ վիրաւոր, սակայն պատահարին մանրամասնութիւններուն մասին ոչինչ հաղորդած է մամլոյ քարտուղարը:
Յարակից շրջաններու, ինչպէս նաեւ Երեւանի բնակիչներուն համար տեսանելի էր սեւ ծուխի մեծ գոյացութիւն՝ գործարանին վրայ, իսկ պայթումին ձայնը լսելի էր նոյնիսկ Երեւանի կեդրոնական մասերուն մէջ:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ներկայացուցիչ Նիկոլայ Գրիգորեան հաղորդած է, թէ դէպքի վայրը մեկնած են մեծ թիւով փրկարարներ: