ԵՐԵԱՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախագահի կայքէջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն նամակ մը ուղղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Սոյն նամակով Քլինթըն վերահաստատած է ԱՄՆի պատրաստակամութիւնը հետեւողականօրէն զօրաւիգ կանգնելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդական աշխատանքներուն, ինչպէս հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:
Ըստ հաղորդագրութեան, Քլինթըն անդրադարձած է նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» համընկերութեան նիւթական օժանդակութեամբ Հայաստանի մէջ կատարուող ծրագիրներուն եւ Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որոնց մասին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, թէ անոնց ազատ եւ արդար կայացումը հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանին՝ ժողովրդավարական սկզբունքներուն նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը դրսեւորելու համար: