ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Փրակայի մէջ, ըստ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ նախագահ Ալիեւէն սկսած մինչեւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, Հայաստան կոշտացուցած է իր դիրքերը, ոչ միայն զիջումներ կատարելու տրամադրութիւն ցոյց չտալով, այլեւ տարածքային պահանջներ ներկայացնելով:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի դիրքերու կոշտացման մասին դարձեալ կ՛իմանանք Ալիեւի յայտարարութիւններէն, որոնցմէ վերջինը բոլորովին կը մերժէր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը՝ այն անհեթեթ հիմնաւորումով, թէ հայ ժողովուրդը արդէն իսկ օգտուած է իր ինքնորոշման իրաւունքէն Հայաստանի մէջ իր անկախութիւնը հռչակելով, եւ այդքանով ալ պէտք է բաւարարուի:
Հայաստանի կողմէ նոր տարածքներ պահանջելու մասին տուեալներ չունինք: Շատ հաւանաբար Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան գօտիի ապահովման մասին է խօսքը, սահմանային գօտի մը, որ վստահաբար անընդունելի պիտի ըլլայ Ատրպէյճանին:
Այս կոշտացած դիրքորոշումներով Փրակայէն դուրս գալով, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները դժուարին առաքելութիւնը ունին երկու նախագահներու յաջորդ՝ Ս. Փեթերզպուրկի հանդիպումը իմաստալի դարձնելու ճամբայ մը գտնելու ուղղութեամբ, այլապէս բանակցութիւնները փակուղիի մը առջեւ կանգնելու վտանգը կը դիմագրաւեն. բան մը, որ անբաղձալի պիտի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար, որովհետեւ նման պարագայի, պատերազմի վերսկսման սպառնալիքն է որ իր գլուխը պիտի ցցէ:
Ատրպէյճան ամէն պատճառ ունի կոշտացնելու իր դիրքորոշումը: Թուրքիոյ վերանորոգուած զօրակցութիւնը բաւարար է, որ Ատրպէյճան աւելի մարտական տրամադրուի բանակցութիւններուն նկատմամբ:
Հայաստանի այլընտրանքը՝ Ատրպէյճանին համարժէք պատասխան տալն է: