Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ականջի հիւանդութիւնները կարելի է բաժնել հիմնական երեք խմբաւորումներու.
Ա. Բորբոքումներ եւ կամ վարակներ.
Բ. Ընդոծին արատներ եւ անբնական երեւոյթներ.
Գ. Լսողական խանգարումներ եւ կորուստ.
Դ. Գլխապտոյտ.
Ականջային հիւանդութիւններու ախտորոշումը կ՛ըլլայ հետեւեալ գործընթացով.
1. Լսելով հիւանդին գանգատները եւ հիւանդութեան պատմականը.
2. Քննելով հիւանդին ականջը ականջադիտակով.
3. Կատարելով լրացուցիչ քննութիւներ՝
ա. Լսափողի, եւստաքեան խողովակի, քննութիւն.
բ. Լսողութեան քննութիւն՝ ճղլակով եւ կամ ձայնացոյցով (tuning fork) եւ լսելաչափով (audiometer).
գ. Տարրալուծարանային քննութիւններ.
4. Կատարելով ամբողջացուցիչ մասնագիտական քննութիւններ՝ ականջի CT Scan եւ MRI.
Ականջի երեք բաժինները կը ներկայանան տարբեր-տարբեր հիւանդագին երեւոյթներով. առայժմ պիտի անդրադառնամ միայն արտաքին ականջի հիւանդութիւններուն, իսկ միջին եւ ներքին ականջի հիւանդութիւններուն պիտի անդրադառնամ ապագային առանձնաբար:
Արտաքին ականջի հիւանդութիւնները կը պարբակեն ականջակոնքի, արտաքին ականջի անցուղիի եւ թմբկաթաղանթի հիւանդագին երեւոյթները, որոնց մասին կրնանք խօսիլ հետեւեալ դասակարգումով.
Ա) Ականջակոնքի հիւանդագին երեւոյթներ.
ա. Ականջակոնքի ընդոծին արատներ (abnormalities)
1. Ականջեղ, որ կը նշանակէ մեծ ականջակոնք.
2. Ականջուկ, որ կը նշանակէ պզտիկ ականջակոնք.
3. Այլանդակ ականջ՝ աղաւաղուած ձեւ եւ տեսք.
4. Բազմականջութիւն՝ ականջակոնքին առջեւ մէկէ աւելի աճառային պզտիկ գնդիկներու հաւաքածոյ.
5. Կրկնակի բլթակ (double pinna) եւ կամ ճեղքուած բլթակ (bifid pinna).
6. Ականջակոնքի ամբողջական բացակայութիւն.
Այս վեց երեւոյթները կը բարելաւուին գեղեցկագիտական վիրաբուժութեամբ.
7. Ականջակոնքի վերի բաժնի ընդոծին խլուակ (fistula), որ տարիներու ընթացքին կրնայ բորբոքիլ եւ թարախոտիլ։ Ականջակոնքի խլուակը կարելի է դարմանել վիրաբուժական գործողութեամբ մը.
Վերոնշեալ արատները երկկողմանի եւ կամ միակողմանի տեսնուած արատներ են եւ անոնք աւելի նշմարելի կ՛ըլլան տղոց մօտ քան աղջիկներուն, որովհետեւ աղջիկներուն երկար մազերը կը քօղարկեն ականջները եւ անոնց արատները։
բ. Ականջակոնքի մաշկային հիւանդագին երեւոյթներ
1. Մաշկային գերկարմրութիւն (hyperemia), որ կը պատահի ցուրտ եւ կամ շատ տաք մթնոլորտի մը ենթարկուելով։ Գերկարմրութեան հետ միատեղ ականջը կ՛ըլլայ տաք եւ զգայուն.
2. Ճարպահոսական էքզեմա. ան կը պատահի ականջակոնքին ետեւը, ուր մորթը կարմրութեան հետ միատեղ ծածկուած կ՛ըլլայ ճարպային հեղուկով.
3. Ցրտահարութիւն, որ կը պատահի շատ պաղ օդի ենթարկուելով։ Ականջակոնքը կը ստանայ յատուկ կարմրութիւն մը եւ տեղի կ՛ունենայ խիստ ցաւ.
4. Սողնախտագօտի (herpes zoster), որ կը յատկանշուի բշտիկներու (vesicles) յայտնաբերումով եւ զօրաւոր ցաւով. ան ժահրային հիւանդութիւն մըն է։ Բշտիկները կը լեցուին շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկով, որ բշտիկներու պայթումով կը հոսի դէպի դուրս։ Ականջացաւը մնայուն է, անհանգստացուցիչ եւ սուր, երբեմն ալ քերուըտուքով միատեղ։
5. Թարախային եւ կամ շիճուկային աճառապատատապ (perichondritis). ան ընդհանրապէս հետեւանքն է ֆիզիքական ուժգին հարուածի մը։
Վերոնշեալ հինգ հիւանդութիւնները կը դարմանուին դեղերով.
6. Արիւնային ուռեցք (hematoma). այս մէկը կը յառաջանայ հարուածի մը պատճառով եւ կը դարմանուի վիրահատութեամբ.
Բ) Արտաքին ականջի անցուղիի հիւանդագին երեւոյթներ
ա. Մաշկային հիւանդութիւններ: Ականջակոնքի մէջ տեսնուած բոլոր մաշկային հիւանդութիւնները կրնան տեսնուիլ անցուղիին մէջ։
բ. Ականջագէջ (ear wax), որ կ՛արտադրուի անցուղիի մաշկի գէջ արտածորող գեղձերէն. անոր անբնական արտադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ շարունակ անցուղին մաքրելով, քերելով եւ գրգռելով։ Գէջի թանձրացումով կը կազմուի գէջի խցան, որ կրնայ մինչեւ 30 առ հարիւր լսողական կորուստ յառաջացնել։ Գէջի արտահանումով լսողութիւնը կը դառնայ բնական.
գ. Մկանային, ճարպային, ոսկրային լաւորակ եւ չարաղէտ ուռեր, որոնք անցուղին կը խցեն ամբողջովին եւ կամ մասնակի։
դ. Օտար մարմինի մը գոյութիւնը, որ յաճախակի երեւոյթ է մանուկներուն մօտ. օտար մարմինը կրնայ յառաջացնել անցուղիի բորբոքում, կրնայ վիրաւորել եւ կամ ծակել թմբկաթաղանթը ու հասնիլ մինչեւ միջին ականջ.
ե. Սնկային եւ մանրէական սուր եւ կամ մնայուն բորբոքումներ, որոնք պատճառ կը դառնան անցուղիի նեղացումին եւ նոյնիսկ փակումին։ Բորբոքումներով կրնայ յառաջանալ անցուղիի մկնուռ (furuncle), որ խիստ ցաւով թարախային բշտիկ մըն է, ինչպէս նաեւ անցուղիի պալար, որ կրնայ խցել անցուղին ամբողջութեամբ։ Անցուղիի բորբոքումը կը պատահի ընդհանրապէս լոգանքէ եւ լողալէ ետք, ինչպէս նաեւ անցուղիի շարունակական մաքրութեամբ. ընդհանրապէս միակողմանի է, սակայն եւ այնպէս, ան կրնայ ըլլալ երկկողմանի. ան կրնայ ըլլալ սուր եւ կամ մեղմ, կարճատեւ եւ կամ երկարատեւ. ան կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ առանց սեռի խտրութեան։
Անցուղիի բորբոքումի ախտաճանաչումը դիւրին է, իսկ դարմանումը կը կարօտի լուրջ եւ հետեւողական միջոցառումներու։ Դարմանումը կ՛ըլլայ ընդհանրապէս դեղերով։ Պալարի գոյութեան պարագային, ան պէտք է բացուի եւ անոր թարախային պարունակութիւնը արտահանուի ու մանրէմշակման ենթարկուի, որպէսզի մանրէական ախտաճանաչումը ըլլայ ճշգրիտ։
Անանցկութիւնը եւ անցուղիի ամբողջական խցումը որեւէ մէկ պատճառով կը յառաջացնէ լսողական փոխանցման 25-30 առ հարիւր կորուստ։
զ. Արիւնախառն տեղայնական եւ կամ տարածուն բորբոքում.
է. Նեղացում (stricture) եւ փակում (atresia), որոնք հետեւանքներն են անցուղիի զանազան պատճառներով յառաջացած երկարատեւ բորբոքումին.
ը. Ընդոծին անանցկութիւն (atresia). ան անցուղիի բացակայութիւնն է. այս պարագային, թմբկաթաղանթը անցուղիին հետ միատեղ գոյութիւն չունենար, բայց եւ այնպէս, միջին եւ ներքին ականջները կ՛ըլլան բնական վիճակի մէջ եւ բաւարար լսողութեամբ։ Այս երեւոյթը կը վերականգնուի վիրաբուժական գործողութեամբ.
Գ) Թմբկաթաղանթի հիւանդագին երեւոյթներ
ա. Սուր եւ մնայուն-երկարատեւ բորբոքումներ, որոնք կը պատահին արտաքին եւ միջին ականջի բորբոքումներուն հետ միատեղ.
բ. Այտուցային թմբկաթաղանթատապ (myringitis bullosa). ասիկա ժահրային բորբոքում մըն է, որ կը յայտնուի խիստ ցաւով եւ շիճուկով լեցուն այտուցային ուռեցքով մը. անոր դարմանումը կը կարօտի հակաժահրային դեղերու.
գ. Ժամանակաւոր եւ մնայուն, զանազան չափով պատրուածք եւ կամ ծակ. ասիկա հետեւանքն է միջին ականջի սուր եւ կամ մնայուն բորբոքումներու, ինչպէս նաեւ արկած-վնասուածքի։ Լսողական կորուստ կրնայ պատահիլ 10-25 առ հարիւր համեմատութեամբ, որ կախեալ է թմբկաթաղանթի ծակի չափէն։ Անոր վերականգնումը կ՛ըլլայ մաշկային պատուաստումով։
դ. Ընդոծին բացակայութիւն, ուր միջին ականջը կը տեսնուի իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ արտաքին ականջի անցուղիին հետ.
Ընդոծին անանցկութիւնը, ականջակոնքի արատները եւ թմբկաթաղանթի բացակայութիւնը հետեւանք են յղութեան շրջանին սաղմի անբնական աճում-զարգացումին, որ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով՝
1. Յղութեան առաջին երեք ամիսներու շրջանին որոշ հակամանրէական դեղերու գործածութիւն.
2. Յղութեան շրջանին որոշ ժահրային հիւանդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնն է՝ գերմանական հարսանէթը.
3. Ժառանգական ծինային անբնական զարգացում.
Մոնթրէալ, 8 Մայիս, 2009