ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Մայիս 18 թուակիր նամակով մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային փոխանցած է ամերիկահայութեան խոր յուսախաբութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհելու եւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման նեցուկ կանգնելու կապակցութեամբ ընտրապայքարին ընթացքին նախագահին կողմէ յստակօրէն տրուած խոստումները անտեսնելու հարցով:
«Դուք ձախողեցաք ցեղասպանութեանց դէմ մեր երկրին հակադարձութիւնը բարձրացնել ամերիկեան արժէքներու մակարդակին, փոխարէնը ընտրելով մնալ թրքական սպառնալիքներուն գերի», գրուած է նամակին մէջ:
Խաչիկեան սոյն նամակով նաեւ կը քննադատէ այն իրողութիւնը, որ Օպամա որոշած է 38 տոկոսով կրճատել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ տնտեսական շրջափակման ենթակայ Հայաստանի տրամադրուող տնտեսական օժանդակութիւնները՝ միաժամանակ խախտելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը՝ ի շահ Ատրպէյճանի: Ան կը շեշտէ, թէ Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութեան կրճատման համեմատութիւնը մեծագոյնն է՝ բաղդատմամբ շրջանի միւս երկիրներուն:
Իր նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետը կոչ կ՛ընէ նախագահին, որ անմիջապէս սրբագրէ Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ իր դիրքորոշումը, յստակօրէն դատապարտելով այդ ահաւոր ոճիրը, միաժամանակ նեցուկ կանգնելով Քոնկրէսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող նորագոյն բանաձեւին:
Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ հետեւեալ համացանցային կայքէջին վրայ՝ www.anca.org/assets/pdf/misc/Hachikian_Obama_0509.pdf: