ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, »Էյ.Փի.«.- Կիրակի, Մայիս 17ին, երեկոյեան ժամը 8:39ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ինկըլուուտ եւ Հաթհոռն քաղաքներուն միջեւ գտնուող տարածքին վրայ տեղի ունեցած 4.7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը զգացուեցաւ մինչեւ Սան Տիէկօ, առանց մարդկային զոհեր խլելու: Արձանագրուեցան միայն նիւթական վնասներ:
Երկրաշարժը տեղի ունեցած է 8.4 մղոն խորութեան վրայ: