ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի Երկուշաբթի օրը, Պաքու այցելութեան ընթացքին, յայտարարած է, թէ Եւրոմիութիւնը կը պաշտպանէ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումով զբաղող Մինսկի խումբի աշխատանքը:
«Եւրոմիութիւնը կը պաշտպանէ Մինսկի խումբի աշխատանքը: Մենք պատրաստ ենք աւանդ ներդնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան վերականգնման եւ փոխադարձ շփումներու զարգացման ծիրէն ներս», յայտնած է Սեմնեպի: Անոր կարծիքով, այդ հարցին կապակցութեամբ կան համագործակցութեան տարբեր ոլորտներ, ուր Եւրոմիութեան աւանդը կրնայ կարեւոր դառնալ:
«Եւրոմիութիւնը մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ այս տարածաշրջանին, Ատրպէյճանի ու անոր հարեւաններուն վրայ, եւ ատիկա արդէն դրական գործօն մըն է ինքնին», աւելցուցած է Սեմնեպի: