ԵՐԵՒԱՆ. Երէկ 19 Մայիսին «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան եւ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի լիազօր դեսպան Րինա Պանդէյ ստորագրած են համաձայնութեան յուշագիր, ըստ որու` հնդկական կողմը Հիմնադրամին կը տրամադրէ աւելի քան 400 000 ԱՄՆ տոլար, որուն շուրջ 220 000 ԱՄՆ տոլարը պիտի յատկացուի Լոռի մարզի Արտնի գիւղի դպրոցի հիմնանորոգման:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան իր խօսքի մէջ նշած է, թէ յոյսով է, որ նշեալ համագործակցութիւնը պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ, եւ Հիմնադրամի որդեգրած՝ գիւղերու զարգացման ծրագիրը պիտի ունենայ եւս մէկ հովանաւոր։ Իսկ Հնդկաստանի դեսպանը հաւաստիացուցած է, որ Արտնի գիւղի դպրոցի հիմնանորոգման ծրագրի ընտրութիւնը Հնդկաստանի կառավարութեանն է, որ առաջիկային եւս մտադիր է շարունակել համագործակցութիւնը Հիմնադրամի հետ: