ԵՐԵՒԱՆ (Երկիր) Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանն ու վարչապետ Արա Յարութիւնեանը։
ՀՀ վարչապետը կարեւոր նկատած է ՀՀ-ԼՂՀ համագործակցութիւնը եւ տնտեսական ճգնաժամի մեղմանալու ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութիւններու կատարած քայլերը:
Զրոյցի ընթացքին կողմերը փոխանակած են մտքեր ԼՂ Հանրապետութեան մէջ ընթացող տնտեսական բարեփոխումներու վերաբերեալ: ԼՂՀ նախագահը նշած է, որ հայաստանցի գործընկերներու աջակցութեամբ համատեղ ծրագրերու կազմակերպումը ձեւաւորած է արդիւնաւէտ գործակցութիւն եւ արձանագրած՝ շօշափելի արդիւնքներ:
Նոյն օրը, ՀՀ խորհրդարանին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ, որ ողջունած է վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի օրէնսդիր մարմիններու միջեւ աշխոյժ կապերը։ Յ. Աբրահամեան կարեւոր նկատած է խորհրդարանական համագործակցութիւնը, փոխադարձ այցերու կազմակերպումը եւ մասնագիտական յանձնաժողովներու միջեւ ուղղակի կապերու զարգացումը՝ աւելցնելով, որ համագործակցութիւնը կը նպաստէ Արցախի ինքնուրոյն կառոյցներու կայացման։
Այնուհետեւ զրուցը շարունակուած է առանձնազրոյցի տեսքով, որու ընթացքին քննարկուած են Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: