ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ Մայիս 18ին տարածաշրջանային այցելութեամբ ժամանած է Անգարա:
Թրքական «Զաման» թերթը նշած է, որ այցելութեան շրջագիծէն ներս Ֆասիէ հանդիպած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էրթուղրուլեմ Ապաքանի հետ, որուն հետ Ֆասիէ կարծիքներ փոխանակած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ Փրակայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման արդիւնքներուն մասին, ինչպէս նաեւ այս առիթով Թուրքիա հաստատած է իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն:
Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, թէ Պաքու կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Պ. Ֆասիէ յայտարարած էր, որ իր այցելութիւնը Թուրքիա ուղղակի առնչութիւն պիտի չունենար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետ: