ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութեան տնօրէն Արա Վարդանեանի համաձայն, այս տարի հիմնադրամը իր աշխատանքներուն մեծագոյն մասը պիտի կեդրոնացնէ Շուշիի վրայ:
«Շուշին ամէն ինչի կարիք ունի: Շուշիում ենթակառուցուածքների շատ լուրջ խնդիրներ կան՝ ճանապարհներ, ջրատարներ, կազաֆիկացում, բուհերի, դպրոցների կառուցում: Շուշին հարուստ պատմութեամբ քաղաք է, բայց, ցաւօք սրտի, կարիք ունի ամէն ինչի: Չկայ որեւէ ծրագիր, որ այդ քաղաքում աւելորդ լինի», յայտնած է Արա Վարդանեան՝ իր պաշտօնին հաստատումէն անմիջապէս ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
Ըստ Վարդանեանի այս տարուան մարաթոնի նպատակաուղղուածութիւնը պիտի ըլլայ դէպի Շուշի: