Քսան տարի առաջ, այս օրը, շրջանիս հայ համայնքին ներկայացաւ «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանը՝ շուտով գրաւելով հանրութեան սէրն ու յարգանքը:
Կը շնորհաւորենք «Հորիզոն»ի տարեդարձը եւ կը մաղթենք, որ նորանոր ծրագիրներով շարունակէ հայ համայնքին ճաշակաւոր ու միտք շարժող յայտագիրներ ներկայացնելու իր առաքելութիւնը:
Նկարին մէջ՝ «Հորիզոն»ի առաջին կամաւորները՝ կազմակերպող յանձնախումբը.- ձախէն աջ՝ Ստեփան Փարթամեան, Զաւէն Գասապեան, Վարդգէս Նարկիզեան (մահացած), Գոգօ Պալեան, Սարգիս Պէրպէրեան, Հէրի Որբերեան (այժմու տնօրէնը) եւ Կարպիս Թիթիզեան: