ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երեքշաբթի, Մայիս 19ին հաղորդեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող թիւ 252 բանաձեւը հովանաւորող քոնկրէսականներուն թիւը հասած է 125ի, երբ դեմոկրատ չորս ներկայացուցիչներ՝ Պրուս Պրէյլի (Այոուայէն), Փիթըր Քեֆազիօ (Օրիկընէն), Պապի Ռաշ (Իլինոյէն) ու Ճան Եարմութ (Քընթաքիէն) միացած են հովանաւորողներու խումբին:
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը 111րդ Քոնկրէսին ներկայացուեցաւ Մարտ 17ին, քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆի, Ճորճ Ռատանովիչի, Ֆրէնք Փըլոնի եւ Մարք Քըրքի կողմէ: Ան կրկնօրինակն է Քոնկրէսին ներկայացուած 110րդ բանաձեւին, որ վաւերացուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ:
Այդ բանաձեւը կը վայելէր այդ օրերուն ծերակուտականներ՝ ներկայի նախագահ Պարաք Օպամայի, փոխնախագահ Ճօ Պայտընի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի աջակցութիւնը:
Բանաձեւը նախագահէն կը պահանջէ արտաքին քաղաքականութեան մէջ նկատի ունենալ մարդկային իրաւանց, ցեղային մաքրագործումի եւ ցեղասպանութեանց նկատմամբ զգայնութիւնները, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ընէ, որ ամէն տարի Ապրիլ 24ին Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող յայտարարութիւն մը կատարուի երկրին գործադիր իշխանութեանց կողմէ, ուր կը նշուի նաեւ այդ ցեղասպանութիւնը կասեցնելու նպատակով ամերիկեան ջանքերը: