ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան անցեալ շաբաթ Ատրպէյճան այցելեց ու Ատրպէյճանի ի նպաստ յայտարարութիւններով հանգստացուց Պաքուի ղեկավարութիւնը, սակայն կարգ մը ատրպէյճանցի քաղաքական մեկնաբաններ կը կարծեն, որ տակաւին ամէն ինչ վերջացած չէ եւ Թուրքիա կը շարունակէ աշխատանք տանիլ, որպէսզի բարելաւուին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները։ Այս գործը, ըստ Ատրպէյճանի մամուլին, պիտի կատարուի նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի ձեռամբ։ Ատրպէյճանի մամուլը այս կարծիքը հիմնած է Եւրոմիութեան պաշտօնակատարներէն մէկուն կողմէ Հայաստանի մամուլին կատարուած յայտարարութեան մը վրայ։ Յիշեալ անձը ըսած է, որ Էրտողանի Պաքու այցելութեան նպատակն էր հանդարտեցնել Ատրպէյճանը, մինչդեռ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացը պիտի շարունակուի նախագահ Կիւլի նախաձեռնութիւններով։
Ատրպէյճանի ամէնէն տարածուն կայքերէն «Լէնթ»ն է, որ արձագանգ հանդիսացած է այս լուրին։ Հոն կը հաղորդուի, թէ վարչապետ Էրտողանի Պաքու այցելութենէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը կրկին խզեցին հրադադարը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Քոնիայի մէջ, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ կատարեց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մասին յայտարարութիւններ, որոնց մէկ մասը կ՛առնչուէր Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան: Նախարարը, կրկնելով այն ինչ, որ վարչապետը ըսած էր քանի մը օր առաջ, յայտնեց, թէ Թուրքիոյ համար կենսական նախապայման է յարգել Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը: Տաւութօղլու դիտել տուաւ, որ այս սկզբունքը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մայր սկզբունքներէն մէկն է: Ան աւելցուց, թէ Արցախի հարցը դիւրին լուծելի հարց մը չէ, սակայն Թուրքիա կ՛ուզէ նոր իրավիճակ մը ստեղծել Կովկասի մէջ, որպէսզի շրջանի երկիրները ապրին միասնութեան, կարգ ու կանոնի եւ բարօրութեան մէջ։ Թուրքիա կը յուսայ այս նպատակը իրականացնել նաեւ ոչ թէ միայն Կովկասի, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Պալքաններու մէջ: