ՀԱՒԱՆԱ, »Ռոյթըրզ«.- Քուպացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը մերժեց այն գաղափարը, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ առեւտրական շրջափակումը մեղմացնելու որոշումին փոխարէն, Քուպա պէտք է որոշ քայլերու դիմէ:
Քուպայի խորհրդարանի նախագահ եւ Համայնավար կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի անդամ Ռիքարտօ Ալարքոն հարցազրոյցի մը ընթացքին, »Սի.Էն.Էն.« արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. »Քուպա ոչինչ պէտք ունի կատարելու, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու դէմ ոչինչ ըրած է։
Բայց եւ այնպէս, Միացեալ Նահանգներ շատ բաներ պէտք է ընէ«։
Ալարքոն թուեց 1962էն ի վեր Ուաշինկթընի կողմէ իր երկրին դէմ հաստատուած առեւտրական շրջափակումը, ահաբեկչութեան զօրակցող երկիրներու ցանկին մէջ Քուպայի ներառումը եւ Կուանթանամոյի ծոցին մէջ ծովուժի զօրանոցի Միացեալ Նահանգներու կողմէ օգտագործուիլը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ապրիլին վերացուց Քուպայի մէջ ազգականներ ունեցող ամերիկացիներուն դէպի Քուպա ճամբորդութեան եւ դրամական փոխանցումներու դէմ հաստատուած արգելքները։