Յարգելի «Ասպարէզ»ի Խմբագրութեան,
Սոյն նամակով կ՛ուզմ ձեր 24-25 Ապրիլի թիւին մէջ լոյս տեսած «Բաց Նամակի»ս յ.գ. ակնարկութեան պատասխանել:
Կը կարծեմ, որ անարդար եւ նոյնիսկ վիրաւորական էր, քանի որ անմեղը կը նստեցնէիք մեղաւորի աթոռին:
Ես երբեք թիւրիմացութեան մէջ չեմ եղած այս պարագային. շատ ալ լաւ գիտէի, որ եօթը տիկիններ ստանձնած են այս գործը. բայց հարցը ան էր, որ հեռաձայնը պատասխանողը այր մարդ էր:
Ամէն անգամ կարելիութեան սահմաններուս մէջ զօրավիգ եղած եմ Հայ Դատին՝ ըլլայ նիւթապէս կամ բարոյապէս. երբեք չէի փորձեր զրպարտութիւն ընել:
Վեջին անգամ, երկու ամիս առաջ, երբ Կլէնտէյլի Հայ Դատի գրասենեակը հեռաձայնեցի հայանպաստ մէկ գործի մը համար, դժբախտաբար ստացայ նոյն պատասխանը՝ «Can you speak English?»:
Այս անգամ գաւաթը յորդած եւ դանակը ոսկորին հասած էր. պէտք էր մեր երիտասարդները զգաստութեան հրաւիրել. աններելի է նոյն ձեւով շարունակել:
Հպարտ եմ ու խոնարհ ըսելու, թէ 50 տարիներ առաջ կեանքս նուիրած եմ մեր պաշտելի կուսակցութեան գաղափարին, ՀՅԴին եւ Հայ Դատին:
Ապացոյցները կը խօսին «Ասպարէզ»ին ուղղուած բաց նամակով մը՝ նոյն ստորագրութեամբ. տեսէք «Ասպարէզ»ի «Նամականին» («Ասպարէզ», Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2002, էջ 5):
Սոյն նամակը, որ ձեզի կրկին կը գրեմ, ոչ ձեզի, ոչ ալ Հայ Դատին տարած սուրբ գործին զրպարտութիւն է, այլ՝ սրտբաց եղբայրական խօսակցութիւն, քանի որ բոլորիս ցաւերն ու մտահոգութիւնները մէկ են եւ նոյնը:
Կը վերջացնեմ նամակս, ուխտելով միասնաբար շարունակել մեր սուրբ գործը այնքան ատեն, որ մեր երակներուն մէջ կը հոսի ազնուական եւ անբիծ հայու արիւնը:
Յաջողութեան մաղթանքներով
Ձերդ անկեղծ՝ ՍԱՐԳԻՍ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ