ՀԱԼԷՊ.- Հալէպահայութեան եւ Սուրիոյ ՀՄԸՄի ընտանիքին համար տարիներու աւանդութիւն դարձած ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կազմակերպած տարեկան տողանցքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Մայիս 2009ին։ Տողանցքը կը վայելէր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի հովանաւորութիւնը։ Հալէպի «Ռիայէթ Շապապ» մարզադաշտին վրայ տեղի ուեցաւ ֆութպոլի մրցում մը՝ Հալէպի ՀՄԸՄի վեթերան խումբին եւ Հալէպի ներկայացուցչական կազմին միջեւ։ Մրցումի կիսախաղին ընթացքին, ՀՄԸՄի մարտարուեստի (քարաթէ), մարմնամարզի եւ կշռոյթի խումբերը, ինչպէս նաեւ ՀՍԳ միութեան սանտայի, քունկ ֆուի եւ Ուու-շուի մարզիկները կատարեցին մարզական ցուցադրութիւններ։ Այնուհետեւ սկսաւ տողանցքը։ Օրուան հանդիսավարներ Ճորճ Տաուլէի եւ Գարոլին Քիւրքլեան-Արոյեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, ՀՄԸՄի տեղական վարչութեան ատենապետ Աբրահամ Եագուպեան բարձր գնահատեց Սուրիոյ կառավարութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը ՀՄԸՄի նկատմամբ։ ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անունով Րաֆֆի Տէր Աբրահամեան հաստատեց, թէ 91 տարիներ ետք ՀՄԸՄը շրջանցելով ամէն խոչընդոտ՝ յաջողած է իր առաքելութեան մէջ, պատրաստելով մեր նախնեաց աւանդներուն հաւատարիմ ու գաղափարական ոգիով թրծուած ազգանուէր երիտասարդներ:
Տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի, Լաթաքիոյ, Քամիշլիի, Դամասկոսի, Քեսապի, Իրաքի եւ Տէր Զօրի մասնաճիւղերու սկաուտները եւ Սուրիոյ հայաբնակ գիւղերէն Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ անդամները։ Տողանցքը առաջնորդուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշակներով, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի զինանշաններով, ինչպէս նաեւ՝ 7րդ եւ 8րդ սկաուտական վաշտերու դրօշակներով։
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան, որ գնահատեց ՀՄԸՄի բոլոր անդամներուն ցուցաբերած աշխատանքը՝ տողանցքի յաջողութեան մէջ։