ՊՈԼԻՍ.- Հայկական երգերու սիրուած մեկնաբան, պոլսահայ Պարթեւ )Պարթեւ Կարեան) հրապարակ հանած է իր նոր ձայնապնակը, որ կ՛ընդգրկէ 17 երգ։ Ձայնապնակին երգերը ունին յաջող ու առինքնող մշակումներ, նաեւ նուագարանային ճաշակաւոր ընկերակցութիւն։
Պարթեւ Կարեան, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է միայն հայերէն ու հայկական երգերու մեկնաբանութեան, այդ երկրի դժուարին պայմաններուն տակ, յաջողած է նաեւ իր ձայնը հասցնել այլ հայաշատ երկիրներ։
Ձայնապնակին վրայ տեղ գտած է նաեւ «Ճէմալ Ռէշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած սէնֆոնիք համերգի ընթացքին երգուած «Հայաստան իմ չքնաղ» երգը, որ արժանացած էր բարձր գնահատանքի։ Երգերուն մէջ պարբերաբար Պարթեւին կ՛ընկերակցին սիրուած երկու «վոքալիսթ»ներ Մարալ եւ Սիպիլ Փէքթորոսօղլու։ Նոր ձայնապնակը կը կրէ «Հաւաքածոյ» անունը։