ՊԱՔՈՒ, «Փանորամա».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, անցեալ Շաբաթ օր Հայտար Ալիեւի անուան միջազգային օդակայանին մէջ, լրագրողներուն հետ խօսելով՝ յայտնած է. «Այն իրողութիւնը, որ Փրակայի գագաթնաժողովէն մէկ շաբաթ ետք ես եկած եմ տարածաշրջան ու հանդիպած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ, կը վկայէ, որ օրակարգի վրայ կան շատ հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին»:
Ֆրանսացի միջնորդը, ըստ ատրպեճանական լրատուամիջոցներու, ընդգծած է, որ բանակցութիւններու իւրաքանչիւր փուլ պէտք է դիտարկել առանձին-առանձին:
«Եթէ դուք կը նայիք լուսանկարի մը, ապա շարժման ոչ մէկ տպաւորութիւն կը ստանաք: Որպէսզի շարժում նկատէք, պէտք է ֆիլմ դիտէք», պատկերաւոր ձեւով յատնած է ֆրանսացի համանախագահը՝ աւելցնելով, որ Յունիսին կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը կը համարուի հինգերորդը։
«Եթէ մարդիկ այդքան յաճախ կը հանդիպին, ուրեմն ինչ որ բան ունին իրարու ըսելու: Այդ պատճառով մենք կառուցողական որոշումներ կը գտնենք», նշած է Ֆասիյէ: Համանախագահը նաեւ շեշտած է, որ փրակեան հանդիպումը ձախողած չէ, ինչպէս կ՛ըսեն որոշ դիտորդներ։
Անոր խօսքերով, համանախագահները հակամարտող երկիրներու ղեկավարներուն հետ յստակացուցած են որոշ կէտեր, որոնց հասնելու պարագային, կողմերը կրնան աշխատանքի լծուիլ Մատրիտեան փաստաթուղթի միւս կէտերուն վերաբերեալ։ Ըստ Ֆասիէի, այդ փաստաթուղթի որոշ կէտերը բանավէճեր կը յառաջացնեն, սակայն համանախագահները պիտի շարունակեն աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։