ՋԱՒԱԽՔ, «Հետք».- Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին արդէն յայտնի է երեք դէպք, երբ հայ-վրացական սահմանի Փաւրայի անցակէտին վրայ վրացի սահմանապահները կ՛արգիլեն հայերէն գիրքեր եւ թերթեր անցնել Ջաւախք:
Ապրիլ 20ին, Հանրային հեռուստատեսութեան «Հայ Ասպետ» պատանեկան հաղորդաշարի մասնակցութեան համար, «Ջաւախք» հայրենակցական միութիւնը ձեռնարկած էր գրականութեան տեսքով որոշ օգնութիւն ցուցաբերելու ջաւախքցի երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք կարենան լիարժէք պատրաստուիլ խաղին: Հայ-վրացական սահմանի վրայ սակայն, վրացական կողմը արգիլած էր այդ գիրքերուն մուտքը:
«Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանի խօսքերով, վրացիները նախ յայտարարած են, որ թոյլ չեն տար գիրքերը անցնելը, ապա մաքսատան մէջ նշած են, թէ նախ անոնք պէտք է ճշդեն եթէ այդպիսի գրականութիւն Վրաստան տանելու իրաւունք ունի՞ն։ Այնուհետեւ, պատճառաբանելով, որ գրականութիւնը հայերէն լեզուով է եւ իրենք ծանօթ չեն բովանադակութեան՝ թոյլ չեն տուած անոնց մուտքը: ԱԺ պատգամաւորը վրացի սահմանապահներուն այս արարքները կամայականութիւն կ՛որակէ՝ նշելով. «Եթէ 500 տոլար գումարից գերազանցող է ապրանքը, ապա պէտք է մաքսազերծուի, բայց մեր ուղարկած գրքերը այդ գումարը չէին գերազանցում: Գրքերը եղել են տարբեր բնոյթի՝ հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, ծիսակարգեր եւ այլն»:
Ապրիլ 24ին նման միջադէպ տեղի ունեցած է նաեւ Արմէն Չախալեանի հետ: Ան փորձած էր տեղափոխել մօտ 50 գիրք, բայց վրացի սահմանապահները արգիլած էին՝ պատճառաբանելով, որ այդ մէկը չի թոյլատրուիր, պէտք է մաքսազերծուին: «Քրոջս ուսանողական գիրքերն էին, Տէրեան, Թումանեան եւ այլն, մէկ էլ եղբօրս բանաստեղծութիւնների ժողովածուն էր՝ մօտ 15 օրինակ: Ասացին՝ եթէ նոյն օրինակից շատ գրքեր կան, պէտք է մաքսազերծուին», յայտնած է Արմէն Չախալեան:
Միւս կողմէ, Մայիս մէկին հայ-վրացական սահմանէն չէ թոյլատրուած անցնել հայկական թերթեր: «Մետիա Սթայլ»ի աշխատակիցը æաւախքի մէջ ապրող իր բարեկամներուն եւ համագիւղացիներուն համար ապահոված էր հայկական թերթեր, մասնաւորապէս՝ քանի մը օրինակ հայկական օրաթերթերէ եւ «Մետիա Սթայլ»ի կողմէ հրատարակուող տասնեակ նմոյշներ։ Սակայն վրացի սահմանապահները շատ ուշադիր զննած են թերթերը, ապա մօտ 30 վայրկեան հարցուփորձ ընելէ ետք՝ թերթերու էութեան մասին, գրաւած են ամբողջ խմբաքանակը՝ պատճառաբանելով, որ հայկական թերթեր տեղափոխելու համար հարկաւոր է յատուկ արտօնութիւն։
«Մետիա Սթայլ» ընկերութեան տնօրէն Վարդան Ասատրեան «Հետք»ին յայտնած է, որ թերթերուն մէջ կային նաեւ այդ օրուան բոլոր օրաթերթերը, իսկ թերթերուն ընդհանուր թիւը կը հասնէր շուրջ 200 օրինակի: «Սահմանապահներից անցանք, սակայն մաքսայիններն արգելեցին անցկացնել թերթերը՝ պատճառաբանելով, որ հրաման ունեն, այդպէս էլ չյաջողուեց պարզել, թէ դա ի՛նչ հրաման», յայտնեց ընկերութեան տնօրէնը։
«Հետք»ը փորձած է Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպանատան հետ ճշդել, թէ գրականութեան կամ պարբերականներու տեղափոխման հետ կապուած օրէնսդրական ի՞նչ սահմանափակումներ գոյութիւն ունին: Հիւպատոս Կիւի Շարանկեան յայտնած է, թէ Հայաստանի համար յատուկ ոչ մէկ չափանիշ կայ: Սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ կամ մեկնաբանութիւն չէ ուզած ընել եւ խորհուրդ տուած է այդ հարցով դիմել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Արտագին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան փորձած է պարզաբանումներ ստանալ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն եւ զարմանք յայտնած է, որ դեսպանութիւնը տեղեակ չէ նման խնդիրներու առկայութեան մասին։
Նշեալ խնդիրին գծով վրացական իշխանութիւններուն հետ կապի մէջ մտած է նաեւ սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ կովկասեան տարածաշրջանի հայ համայնքներուն հետ կապերու բաժնի աշխատակիցը։