ԼԻԶԱ ՃԻԿԷՐԵԱՆ-ՄԱՆՈՅԵԱՆ
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Այս տարի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Հայկական բաժանմունքի ուսուցչուհիները, Մոնթեպէլլոյի յուշարձան սովորութիւն դարձած աշակերտական այցելութեան փոխարէն, ծրագրեցին Միշըն Հիլզի «Արարատ տուն»ը այցելել Ապրիլ 23ին։ Այս այցելութեան նպատակը մեր տարեց հայ մամիկներուն ու պապիկներուն հետ կէս օր մը անցընելն էր, զիրենք ուրախացնել եւ իրենց համար աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրը ներկայացնելն էր, եւ ձեւով մը իրենց փոխանցել ու վստահեցնելն էր, որ մեր աւանդն ու պատկանելիութիւնը խորապէս արմատացած են իրենց յաջորդող սերունդին մօտ։
Ա. եւ Բ. կարգի աշակերտները Յ. Շիրազի «Մենք Խաղաղ էինք» ոտանաւորը արտասանեցին, Գ. կարգի աշակերտները՝ Ռ. Պատկանեանի «Կեանքից Թանկ Բանը» բեմականացուած ձեւով ներկայացուցին, իսկ Դ. կարգի աշակերտները՝ Դ. Վարուժանի «Առկայծ Ճրագ»ը արտասանեցին։ Բ. կարգի աշակերտ Նարեկ Տատուրեան դաշնակի վրայ նուագեց «Նազելի»ն։ Գ. եւ Դ. կարգի աշակերտները երգեցին «Հէ՜յ ճան Երեւան» եւ «Ազգ Փառապանծ» երգերը։ Ապա, աշակերտները առիթը ունեցան ընկերային պահ անցընելու տարեցներուն հետ եւ միասին ճաշեցին իրենց ճաշասրահին մէջ։ Այցելութեան վերջին վայրը եղաւ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանը։
Թանգարանապետուհին իրենց համար պատրաստած էր հարցարան մը, որուն հարցումներուն պատասխանները գտնելով՝ աշակերտները շահեկան տեղեկութիւններ հաւաքեցին հայկական մշակոյթը ներկայացնող թանգարանի նմոյշներու կապակցութեամբ։ Աշակերտները դպրոց վերադարձան շատ գոհունակ ու ուրախ, գիտակցելով, որ կրցած էին այդ օրուան ընթացքին մեր հայ տարեցներուն իրենց առօրեայէն ու սովորականէն դուրս հաճելի պահեր տրամադրել։
Մինչ այդ, դպրոցէն ներս, Ե.-Ը. կարգի աշակերտները ունեցան երկու այցելուներ։ Առաջինը՝ Վաչէ Մանկրեանն էր, որ իրենց խօսեցաւ Կոմիտաս վարդապետի մասին։ Իր դասախօսութեան ընթացքին, ան օգտագործեց Իզապէլ Պայրաքտարեանի «A Long Journey Home» վաւերագրական շարժապատկերէն Կոմիտասին առնչուող բաժինները։ Սոյն շարժպատկերի մէկ տեսարանէն ազդուելով՝ տնօրէն Շահէ Մանկրեան աշակերտներուն ըսաւ. «Տեսանք, որ հազարամեայ կեանք ունեցող կոթողներ ու եկեղեցիներ կերտած են մեր նախահայրերը, եւ հայ ժողովուրդը մի քանի հազարամեակէ ի վեր գոյութիւն ունի. գոյատեւման համար հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանումը անհրաժեշտութիւն է»։ Ապա, նպատակ ունենալով արթնցնել աշակերտներուն մօտ հայերէն լեզուի նկատմամբ յաւելեալ յարգանք ու գուրգուրանք, աշակերտներուն առիթ տուաւ արտայայտելու իրենց կարծիքները այն մասին, որ եթէ շարունակեն հայերէն խօսելու փոխարէն անգլերէն խօսիլը, կը կարծե՞ն, որ հազար տարի ետք հայութիւնը գոյութիւն պիտի ունենայ։ Լաւ առիթ մըն էր աշակերտներուն համար լսելու իրարու կարծիքները եւ հաճելի էր իմանալ, որ մեծամասնութիւնը համամիտ էր, որ անհրաժեշտ է լեզուին պահպանումը, որուն միջոցաւ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել ազգին գոյատեւումը։
Երկրորդ հիւրն էր գծագրիչ Սիրուն Երէցեանը, որ աշակերտներուն խօսեցաւ մանրանկարչութեան մասին եւ իւրաքանչիւր աշակերտ, հետեւելով անոր ցուցմունքներուն՝ իր անուան սկզբնատառը գրեց թռչնագիրով։
Յետմիջօրէին, մանկապարտէզէն-Ը. կարգի աշակերտութիւնը, հաւաքուելով դպրոցիս «Գալուստեան-Տունայեանց» սրահը՝ խումբ մը ծնողներու ներկայութեամբ, ոգեկոչեցին Եղեռնի 94րդ տարելիցը։
Մանկապարտէզի աշակերտները արտասանեցին Պ. Սեւակի «Մենք Քիչ Ենք» ոտանաւորը, ապա Ա.-Դ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին վերոյիշեալ «Արարատ տան» մէջ ներկայացուած յայտագիրը։ Ե. կարգի աշակերտները հիանալի հաղորդականութեամբ արտասանեցին Դ. Վարուժանի «Դերենիկը», իսկ Զ. կարգի աշակերտները արտասանեցին Յ. Թումանեանի «Օրհնութիւն» ոտանաւորը։
Է. կարգի աշակերտներէն Ալէքս Պէրպէրեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Ա. Խաչատուրեանի «Ժողովրդական Նմանողութեամբ» կտորը։ Նաեւ Է. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Ժ. Քասունիի «Հայուն եւ Թուրքին Ձայնը» եւ «Ապրիլ 24» թատրոնները, որոնցմով հարազատօրէն բեմականացուցին ջարդի ու գաղթի տեսարանները։ Ապա, Ը. կարգի աշակերտները Ռ. Պակտանեանի «Կեանքից Թանկ Բանը» խմբովին արտասանեցին։ Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ տնօրէնը ու աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց հայ լեզուին ու մշակոյթին պահապանները ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Ճերմակ ջարդը յաղթահարել։
Նաեւ, Ը. կարգի աշակերտներու նախաձեռնած ասմունքի երեկոն տեղի ունեցաւ նոյն օրուան երեկոյեան, դարձեալ «Գալուստեան-Տունայեանց» սրահէն ներս։ Ը. Կարգի աշակերտները, իրենց անգլերէն լեզուի ուսուցիչ, տնօրէն Շահէ Մանկրեանի ղեկավարութեամբ, արտասանեցին օտար հեղինակներու գործերը, որոնք տարբեր ցեղասպանութիւններու մասին էին, իսկ պրն. Շահէն իւրաքանչիւր ոտանաւորէն առաջ ընթերցեց մեր վերապրողներու վկայութիւններէն. ունկնդիրներուն զարմանքն ու ուշադրութիւնը գրաւեց այն իրողութիւնը, որ հասարակ շատ յայտարարներ կային մեր եւ միւս ազգերու պատահած ցեղասպանութիւններու նկարագրման մէջ։ Երեկոն վերջ գտաւ Ը. կարգի աշակերտներուն «Կեանքից Թանկ Բանը» ոտանաւորին խմբային արտասանութեամբ։
Տեղին է նշել, որ Ապրիլ ամսուան ընթացքին, վարժարանիս մանկապարտէզէն-Ը. կարգի աշակերտները իրենց հայերէնի պահերուն, դոկտ. Ռուպինա Փիրումեանի պատրաստած Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագրին մէջ տեղ գտած եւ մանկավարժական մօտեցումներով նշուած նիւթերուն ու աշխատանքներուն հետեւելով՝ մօտէն ծանօթացան Եղեռնի իրողութեան։
Այս ծիրէն ներս, Դ. կարգի աշակերտները ամէն տարի կ՛ընթերցեն Ալիծ Աղպապեանի «Ծալապատիկը» եւ հանդիպում մը կ՛ունենան հեղինակին հետ։ Այս տարի, Ալիծը մեր դպրոցը այցելեց Մայիս 8ին, եւ Դ. կարգի աշակերտներուն հետ հանդիպելով՝ խօսեցաւ իր գիրքին մասին եւ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։ Շահեկան էր այս հանդիպումը այն իմաստով, որ հեղինակը նոր վերադարձած էր Տէր Զօրի անապատի իր ուխտագնացութենէն եւ իրեն հետ բերած նկարներով ու պատմութիւններով շարժեց աշակերտներուն հետաքրքրութիւնն ու գութը։
Տեղին է շնորհակալութիւն յայտնել Հայկական բաժանմունքի ուսուցչուհիներուն՝ Կարին Սէօյլեմեզեանին, Ցոլինէ Գէորգեանին, Անահիտ Զէյթունեանին եւ Լիզա Մանոյեանին, որոնց ղեկավարութեամբ ու հետեւողութեամբ պատրաստուեցան աշակերտները, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն երաժշտութեան ուսուցչուհիին՝ Էլմիրա Սիմոնեանին, իր ունեցած յատկանշական ներդրումին համար։