ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ՊԸՐՊԷՆՔ.- Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 20 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8ին, Պըրպէնքի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրութեան 100 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն՝ յատուկ ու պատշաճ յայտագիրով:
Ձեռնարկին ներկայ էին նախկին ու ներկայ առաջնորդ սրբազաններու եւ «Ժամանակ» թերթի հիմնադիր Սարգիս Գոչունեանի դուստրը՝ 93ամեայ Ալին Գոչունեանը եւ թերթի ներկայի երիտասարդ խմբագիր՝ Արա Գոչունեանը: Ներկայ էին նաեւ հոգեւորական դասն ու Լոս Անճելըսի հայ մամուլէն՝ «Ասպարէզ»ի, «Նոր Օր»ի եւ «Մասիս»ի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան անդամներն ու մշակութասէր հասարակութիւն: Ձեռնարկը հանդիսավարեց տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան: Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան վարչութեան անունո,վ սրտի խօսք յայտնեց ատենապետ Սիմոն Աճիլաճօղլուն:
Օրաթերթի պատմականն ու անոր անցեալի եւ ներկայի խմբագիրները սպառիչ կերպով ներկայացուց փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը:
Աւարտին, խօսք առաւ «Ժամանակ» թերթի ներկայ երիտասարդ խմբագիր Արա Գոչունեանը, որ յստակ ոճով եւ մաքուր արեւմտահայերէնով իր շնորհակալութեան եւ երախտագիտական խօսքերուն ընդմէջէն, երեկոն որակեց իբրեւ հայ մամուլի տօն ու նաեւ վեր առաւ սփիւռքահայ մամուլի դերակատարութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս:
Խօսք առաւ նաեւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ մեծապէս գնահատեց պոլսահայ մամուլի այս երիտասարդ խմբագիրին կորովն ու համարձակութիւնը, քաջութիւնն ու յանձնառութիւնը:
Հիւր խմաբագիրը առաջնորդ սրբազան հօր յանձնեց թերթի հիմնադիր Սարգիս Գոչունեանի կիսանդրին: Իրենց կարգին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Պոլսահայ միութեան վարչութեան ատենապետը առանձնաբար մէկական յուշանուէրներով պատուեցին հիւր խմբագիրը:
Հրապարակային այս ձեռնարկը ունեցաւ նաեւ գեղարուսետական պատշաճ յայտագիր՝ մասնակցութեամբ Յարութիւն Քարամանուկեանի ղեկավարած լարային քառեակին եւ Ժպիտ Չինարին (ասմունք):
Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն եւ ապա առիթ տրուեցաւ ներկաներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու հիւր խմբագիրին: