ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հինգշաբթի, Մայիս 20ին, Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան յայտնած է, թէ իրենց համար կարեւոր չէ թէ ո՛վ պիտի դառնայ նոր աթոմակայանի բաժնետէրը։
«Աթոմակայանը պէտք է շահագործուի հայկական օրէնքներով, միջազգային պայմանագրերով ստանձնած պարտաւորութիւններով: Դա կը լինի թուրքական, թէ կը լինի ռուսական, որեւիցէ նշանակութիւն չունի», աւելցուցած է նախարարը:
Պատասխանելով ԱԺ դաշնակցական պատգամաւոր Արա Նռանեանի մտահոգութեան, թէ՝ հնարաւո՞ր է, որ Հայկական նոր աթոմակայանի կառուցման գործերուն իր մասնակցութիւնը բերէ նաեւ թրքական կողմը, նախարար Մովսիսեան վստահեցուցած է, որ աթոմակայանի նոր բաժնի կառուցման շինարարական աշխատանքները վերահսկելու համար յայտարարուած մրցոյթին յաղթած է աւստրալիական Worley Parsons ընկերութեան ամերիկեան ծագում ունեցող դուստր ընկերութիւնը, որն ալ իրականացնելու է շինարարութեան հետ կապուած բոլոր աշխատանքները։
Աւելի պարզաբանելով իր միտքը՝ նախարար Մովսիսեան աւելցուցած է. «Դուք պէտք է տարբերէք, որ շինարարութիւնն ուրիշ գործընթաց է, իսկ բաժնետէր լինելը՝ ուրիշ: Բաժնետէր կարող են լինել, բայց թուրքական որեւէ շինարարական ընկերութիւն այսօր չունի նման լիցենզիա, որպէսզի կարողանայ աթոմային կայան կառուցել»։