ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Հետք».- Մայիս 19ին, Ախալքալաքի «Վիրք» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ, հանդիպում ունեցած են Վրաստանի մէջ Եւրոխորհուրդի ներկայացուցչութիւնն ու «Ջաւախք» ժողովրդական շարժման, «Վիրք» կուսակցութեան, «Ակունք» միութեան եւ «Ջաւախք մտաւորականներու միութեան» նախագահները։
Վերջիններս մանրամասն տեղեկութիւններ տրամադրած են ջաւախքահայերու ներկայ հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լուծման հնարաւոր տարբերակներուն վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին ԵԽ ներկայացուցիչները տեղեկացած են, որ տեղաբնակներուն յուզող հարցերը մինչ օրս բարձիթողի վիճակի մէջ են եւ կեդրոնական իշխանութիւններուն ուղարկուած գրութիւնները նոյնիսկ պատասխանի չեն արժանանար, բան մը, որ մտածել կու տայ, թէ իշխանութիւններուն բնաւ չեն մտահոգեր ջաւախքահայերու խնդիրները:
Վերոյիշեալ հիմնահարցերու լուծման համար, ներկաները առաջարկած են երկրին մէջ հաստատել դաշնային (ֆետերալ) կառավարման ձեւ, որուն շնորհիւ Սամցխէ-Ջաւախք տարածաշրջանին կը տրուի ինքնավարութիւն, որ սակայն ոչինչով կը սպառնար երկրի տարածքային ամբողջականութեան վրայ, այլ միայն թոյլ կու տայ հնարաւորինս արագ կարգաւորել տեղացիներուն անհանգստացնող հիմնախնդիրները:
Հանդիպման մասնակիցները հիւրերուն նաեւ տեղեկացուցած են, որ տարածաշրջանին մէջ կը տարուի հայաթափման քաղաքականութիւն. պետական լեզուի չիմացութեան պատճառով, պետական հաստատութիւններուն մէջ ջաւախքահայերը աշխատանքի չեն տեղաւորուիր, բան մը, որ ըստ իրենց զուտ արհեստական պատճառ է տեղացիները չընդգրկելու պետական մարմիններուն մէջ, եւ փոխարէնը՝ աշխատատեղիներ տրամադրել ազգութեամբ վրացիներուն:
Հաւաքի ընթացքին խօսուած է նաեւ տարածաշրջանին մէջ Հայ-վրացական համատեղ պետական համալսարան ստեղծելու առաջարկին եւ անոր մերժման, ինչպէս
նաեւ հայ եւ վրացի եկեղեցիներու ներկայ կացութեան մասին:
Հանդիպման աւարտին Եւրոխորհուրդի ներկայացուցիչներուն փոխանցուած է վերջերս Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուէմօ Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած «æաւախքը նոր մարտահրաւէրներուն ընդառաջ» նշանաբանով խորհրդաժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը: