ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռատիօլուր».- Աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի արտագին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Չորեքշաբթի, Մայիս 20ին հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի հետ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացը:
Ֆասիէ Հայաստանի արտագին գործոց նախարարին ներկայացուցած է Պաքուի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն արդիւնքները:
Պեռնար Ֆասիէ տեղեկացուցած է, թէ շարունակելով անցեալ շաբաթ Երեւան եւ Պաքու իրենց կատարած այցելութիւնը՝ համանախագահները մինչեւ այս ամսուան վերջը պիտի այցելեն տարածաշրջան՝ նախապատրաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յաջորդ հանդիպումը, որ հաւանաբար կայանայ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ: