ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի օրուան հերթական նիստին ընթացքին, դարձեալ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հակաճգնաժամային ծրագիրներուն վրայ, եւ թէ՛ հարկային, թէ՛ վարկային միջոցներով, տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու քայլեր առաւ:
Նիստի օրակարգային հարցերու քննարկումէն առաջ, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան քննադատեց նախարարները՝ իրենց փոխանցուած յանձնարարականները ժամանակին չկատարելու անոնց թերութիւնը մատնանշելով:
Ան յայտարարեց, որ յաջորդ նիստի առաջին իսկ մասով, նախարարները պէտք է զեկուցեն իրենց յանձնուած պարտականութիւններու կատարման ընթացքին մասին:
Ապա անցնելով օրակարգի հարցերու քննարկման՝ կառավարութիւնը, քաջալերելու համար ճգնաժամէն ծանր հարուած ստացած ակնագործութեան եւ ոսկերչութեան ոլորտները, որոշած է հարկային արտօնութիւններով օժանդակել այդ գործով զբաղողները:
Այս գծով, կառավարութիւնը որոշած է ոսկերչական իրերու արտադրութիւնը ազատել մէկ տոկոս շահութահարկի կանխավճարէն: Կառավարութեան այս որոշումը պէտք է ներկայացուի Ազգային ժողովին:
Կառավարութիւնը որոշած է 746 հազար տոլարի չափով պետական ամավարկէն երաշխիք տալ «Ագրոսպասարկում» ընկերութեան, որ նկատուած է իբրեւ տնտեսապէս մրցունակ եւ կարեւոր ձեռնարկ, որ արժանի է պետական օժանդակութեան:
Կառավարութիւնը որոշած է նաեւ Ռուսիայէն ստանալիք 500 միլիոն տոլարի վարկէն երեսուն միլիոնը յատկացնել փոքր եւ միջին առեւտրական-արդիւնաբերական ընկերութիւններու:
Կառավարութիւնը իր այս նիստին քաջալերելու համար արտասահմանեան ներդնողները, որոշած է անոնց վերադարձնել իրենց ձեռնարկած աշխատանքէն պետական ամավարկ մտած գումարները: