ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան հաղորդեց, թէ իրանական կազը արդէն սկսած է Հայաստան հասնիլ Իրան-Հայաստան կազատարով, իսկ մէկ ամիսէն, կազի փոխարէն Հայաստան պիտի սկսի ելեկտրականութիւն մատակարարելու Իրանին:
Նախապէս, Հայաստան Իրանին ամրան եղանակներուն կը մատակարարէր Հայաստանի աւելցուկ ելեկտրականութիւնը միայն, սակայն Իրանի կողմէ բարձրացած պահանջարկը բաւարարելու համար, Հայաստան Իրանին պիտի տրամադրէ շատ աւելի մեծ ծաւալով ելեկտրականութիւն:
Նախարարը հաստատեց նաեւ, որ Ռուսիայէն բերուող կազի ծաւալները պիտի չնուազին: Այս օրերուն, Իրանէն ներմուծուող կազին համար ներկայիս աշխատանք կը տարուի կազամուղի ճնշումը բարձրացնելու համար: Ներկայիս, Սիւնիքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները արդէն իսկ կը գործածեն Իրանէն ներմուծուող կազը:
Պատասխանելով հարցերուն՝ նախարար Ա. Մովսիսեան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ ելեկտրականութիւն մատակարարելու ուղղութեամբ կ՛ընթանան երկկողմանի բանակցութիւններ, կը կատարուին ճարտարագիտական աշխատանքներ, կը տեղադրուին սարքաւորումներ, ցանցեր եւ այլն, իսկ Հայաստանէն Թուրքիա արտածուելիք ելեկտրականութեան ծաւալը կրնայ շատ աւելի մեծ ըլլալ, քան նախնական համաձայնութեամբ նախատեսուածը: