ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Անգլիական «Jethro Tull» խումբը Մայիս 21ին ժամանեց Հայաստան: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ խումբին մենակատար Եան Անտըրսըն յայտնեց. «Երբ երկիր մը առաջին անգամ կ՛այցելենք, կը փորձենք ընտրել ծրագիր մը, որ առաւել ամբողջականօրէն ներկայացնէ մեր երաժշտական գործունէութիւնը»: Խումբը Մայիս 22ին պիտի ներկայացնէ իր առաջին համերգը մարզահամերգային համալիրին մէջ:
1968ին Լոնտոնի մէջ ստեղծուած խումբին 4 տասնամեակներու գործունէութեան եւ հարիւրաւոր համերգներէ ու շրջագայութիւններէ ետք, Jethro Tull-ի երաժշտութիւնը հեշտութեամբ կը հասնի մարդկանց սրտերուն՝ գրաւելով նորանոր երկրպագուներ, շնորհիւ անոնց գործերու բազմազանութեան՝ ժողովրդական-ֆոլք, ռոք, ճազ, արեւելաեւրոպական երաժշտութիւն, եւ այլն:
Խումբը մինչեւ օրս հրապարակած է 40 ալպոմ, վաճառած է անոնցմէ աւելի քան 50 միլիոն օրինակ, եւ տարեկան 100 համերգ կը ներկայացնէ: