ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որով կը զեկուցուի, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Մայիս 21ի երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած է Խրուաթիոյ նախագահ Սթյէփան Մեսիչ, ամրապնդելու համար միջպետական կապերը, խթանելու երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնն ու գիտակրթական եւ մշակութային կապերը:
Այսօր՝ Մայիս 22ին, Հայաստանի նախագահի նստավայրէն ներս տեղի կ՛ունենայ երկու նախագահներու առանձնազրոյցը, ապա՝ պատուիրակութիւններու ընդլայնուած հանդիպում մը եւ միջկառավարական փաստաթուղթերու ստորագրումը:
Ընդլայնուած հանդիպման պիտի յաջորդէ նախագահներու համատեղ մամլոյ ասուլիսը:
Այցելութեան շրջագիծէն ներս Սթյէփան Մեսիչ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ, նաեւ պիտի հիւրընկալուի Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ:
Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրը այցելելէ եւ զոհերու յուշակոթողին ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք, հիւր նախագահը պիտի այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը: Իսկ Երեւանի պետական համալսարանէն ներս Սթյէփան Մեսիչ հանդիպում պիտի ունենայ դասախօսական կազմին եւ ուսանողներու հետ, ապա պիտի այցելէ Մատենադարան: