ՄՈՆԹԵՊԷԼԼՕ.- Շաբաթ, Յունիս 6ին, Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի պիտի ունենայ հայկական տարեկան երկրորդ փառատօնը, ուր հայկական երաժշտութեան ձայնը, թմբուկներու կշռոյթը եւ խորովածի բուրմունքը տիրապետող պիտի ըլլայ:
Փառատօնը պիտի սկսի կէսօրին ու պիտի շարունակուի մինչեւ գիշերուան ժամը 10:
Ամբողջ օրուան ընթացքին հայկական պարախումբեր ելոյթներ պիտի ունենան ու ներկաները պիտի խանդավառեն Հօշարեան եղբայրներու նուագախումբը:

Տեղի պիտի ունենայ նաեւ նարտիի մրցաշարք, իսկ երեխաները հաճելի պահեր պիտի անցընեն իրենց համար պատրաստուած յատուկ խաղավայրի մը մէջ, ուր պիտի ըլլայ հրշէջներու յատուկ ինքնաշարժ մը: Պիտի գտնուին նաեւ զանազան ապրանքներ ծախող կրպակներ: Տեղի պիտի ունենան հայկական ճաշերու պատրաստութեան ցուցադրութիւններ, իսկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները կ.ե. ժամը 2ին ու 4ին պիտի կազմակերպեն եկեղեցիէն ներս յատուկ պտոյտ մը, որուն ընթացքին մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացուին հայկական եկեղեցիին մասին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել համացանցային www.armenianfoodfair.com կայքը կամ հեռաձայնել (323) 594-9540 թիւին: