ՖՐԵԶՆՕ.- Իր հիմնադրութեան 20րդ տարուան ընթացքին, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին սպասարկող եւ Ֆրեզնօ հաստատուած Հայ ճարտարագիտական խումբը (ATG) հողագործութեան խնայողական նոր միջոցներ սկսած է տարածելու Հայաստանի մէջ՝ առիթ ընծայելով հայ հողագործներուն, որ նուազ ծախսերով ու նորագոյն ճարտարագիտութեան օգտագործումով աւելի արդիւնաբեր արտադրութիւններ իրագործեն ու աւելի մեծ շահեր ապահովեն:
Հայ ճարտարագիտական խումբը արդէն իսկ 12 տարիներ տրամադրած է Հայաստանի մէջ հողագործական սերմերու մնայուն պահեստ մը ապահովելու նպատակին: Ծրագիրը արդէն իսկ դրական ազդեցութիւն ձգած է երկրին տնտեսութեան վրայ, որովհետեւ անոր շնորհիւ կարելի եղած է հացահատիկներու տեղական արտադրութիւնը զգալիօրէն աւելցնել՝ նուազեցնելով անոնց ներածումները:
Իր պաշտօնէն հեռացող Հայ ճարտարագիտական խումբի նախագահ Նուպար Թաշճեան (Օքլընտէն) կը յայտնէ, թէ ծրագրին յաջողութեան գաղտնիքը այն է, որ կազմակերպութիւնը ուղղակիօրէն հողագործներուն հետ գործակցելով՝ անոնց սորվեցուցած է որակաւոր եւ արդիւնաբեր հունձքեր ապահովելու միջոցները, միաժամանակ ազատ շուկայական պայմաններ ստեղծելով հոն:
Այն հողագործները, որոնք մարզումներ ստացած են որակաւոր հացահատիկներ եւ սերմեր արտադրելու մարզին մէջ, արդէն իսկ յաջողած են իրենց ծրագիրներուն մէջ եւ նուազագոյն օժանդակութեան կարիքը ունին, կ՛աւելցնէ Հայ ճարտարագիտական խումբին Հայաստանի մասնաճիւղին՝ Հայ ճարտարագիտական խումբի հիմնադրամին վարիչ Գարիկ Մկրտչեանը:
Միացեալ Նահանգներու հողագործութեան նախարարութիւնը եղած է այս երկարամեայ ծրագիրին կարեւոր հովանաւորներէն մէկը, կ՛աւելցնէ ան:
Յառաջիկայ քանի մը տարիներուն համար, խումբը որոշած է շեշտը դնել հողագործութեան խնայողական նոր միջոցները ընդարձակելու աշխատանքներուն վրայ, միաժամանակ փորձելով երկրագործութեան համար օգտագործուող հողը աւելի բարեբեր դարձնել:
Կազմակերպութեան յաջորդ նախագահը, Վիսալիայէն դոկտ. Ճէյմզ Ռէյնըլզ կը յայտնէ, թէ կազմակերպութեան նպատակն է ապահովել առաւելագոյն արդիւնաբերութիւն՝ կենսոլորտին նուազագոյն վնաս հասցնելով: Այս նպատակին համար, նուազագոյնի պէտք է իջնէ հողագործական գործիքներու օգտագորումը՝ ապահովելով հողի որակի պահպանումը:
2008-2009 տարեշրջանի աշնան եւ գարնան հողագործական այս նորարարութիւնները ցուցադրուած են եօթը տարբեր շրջաններու մէջ եւ այս ծրագիրին անդրադարձած է «Սայինթիֆիք Ամերիքա» թերթը՝ իր Յուլիս 2008ի թիւով, «Լուռ (Հողագործական) Յեղափոխութիւն» խորագրին տակ:
Դոկտ. Ռէյնըլտզ կը յայտնէ, թէ այս ծրագիրը կ՛իրագործուի անհատներու եւ կազմակերպութեանց նուիրատուութեանց շնորհիւ: Ան յատկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ ամերիկահայ միլիառատէր Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» մարդասիրական հիմնարկին, որ յատկանշական ներդրում բերած է՝ նպաստելով Հայաստանի ժողովուրդին միաժամանակ գործի կարելիութիւններ եւ ուտեստեղէն ապահովող այս ծրագիրին:
Տուրքերէ զուրկ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել հետեւեալ հասցէին՝ ATG, P.O. Box 5969, Fresno, CA, 93755: