Սան Խուան Քափիսթրանոյի «Սէյնթ Մարկարիթ Էփիսքոփըլ» վարժարանը աւարտող աշակերտներէն Արեգ Մելքոնեանը, որ Ապրիլ 25-26, 2009ին մասնակցած էր UCLA համալսարանի աւարտականներու ընկերակցութեան (UCLA Alumni Association) նահանգային մրցոյթին, շահած է 12 հազար տոլար կրթանպաստ մը, որ երրորդ բարձրագոյն կրթանպաստն է:
Մելքոնեան շատ համալսարաններու կողմէ ընդունուած էր, սակայն ան յաջորդ տարեշրջանին պիտի յաճախէ UCLA՝ քիմիագիտութեան ճիւղին հետեւելու համար: 55 հազար դիմողներէն ընդունուած էին միայն 6 հազարը, որոնցմէ 2300ին հրաւէր ղրկուած էր դիմելու ընթացաւարտներու կազմակերպութեան արժանիքներուն վրայ հիմնուած կրթանպաստին: Վերջնական փուլին հասնողները շահած են 6էն 17.5 հազար տոլարի կրթանպաստներ:
Աւելի նուազ կրթանպաստ շահողներուն մէջ կար նաեւ «Ալէք Փիլիպոս»էն աշակերտուհի մը:
Գիտական ճիւղ մը ընտրած Մելքոնեան նաեւ երաժշտութիւն յօրինած է եւ դաշնակահար է: Հայ եւ օտար շրջանակներէ ներս նուագած է եւ մասնակցած մրցոյթներու, ինչպէս՝ Մարտ 28ին Music Teachers Association of California, Orange County North Bach Festival-ին, անցնելով շրջանային փուլ:
9րդ դասարանէն ի վեր, ան աւելի քան 500 ժամ կամաւոր աշխատանք կատարած է «Միշըն» հիւանդանոցին մէջ: Ան աւարտած է ՀՕՄի «Սեւան» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցը: Այս համեստ երիտասարդը, ուրիշներուն առիթ տալու համար, խնդրած է, որ ՀՕՄի հանրային երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտներու պարգեւատրման երեկոյին, այլ շրջանաւարտ մը ճանաչում ստանայ: