ԵՐԵՒԱՆ.- «Փանորամա» գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ողջունած է Հայաստանի նախագահի համաներում յայտարարելու վերաբերող քայլը:
«Հարկաւոր էր դա աւելի վաղ անել», յայտարարած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան, Ուրբաթ, Մայիս 22ին ԱԺ ճեպազրոյցներուն ընթացքին։ Անոր խօսքով, համաներումը ճիշդ քայլ պիտի ըլլայ ստեղծուած լարուած քաղաքական իրավիճակին համար եւ որոշ թեթեւութիւն պիտի բերէ քաղաքական դաշտին:
«Բայց միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ մոռնալ, որ սպանութիւնների դէպքերը պէտք է բացայայտուեն ու դատապարտուեն: Առանց դրանց լիարժէք բացայայտման, նոր «Մարտ 1»երու կանխումը հնարաւոր չի լինի», աւելցուցած է պատգամաւորը:
Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Մարտիրոսեանի համոզումով, համաներում յայտարարելով մեծ դաշտ կը բացուի կառուցողական փոփոխութիւններ կատարելու համար: «Այդ ժամանակահատուածը պէտք է օգտագործել իրական փոփոխութիւններ անելու համար», յայտնած է ընդդիմադիր խորհրդարանականը:
Յիշենք, որ նախօրէին, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարած էր, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կը պատրաստուի Մայիս 28ին՝ Անկախութեան ազգային տօնին առիթով, «Մարտ 1»ի գործով կալանաւորուածներուն ուղղութեամբ համաներում յայտարարել:
Այսուհանդերձ, պէտք է նշենք, որ երէկ, Ազգային ժողովի նախագահի մամլոյ քարտուղարը որոշ կասկածներ ստեղծեց այս յայտարարութեան շուրջ՝ յայտնելով, որ Յովիկ Աբրահամեանը պարզապէս իր ցանկութիւնն է, որ արտայայտած է: Համաներում տալու իրաւունքը վերապահուած է նախագահին, յայտարարած է ԱԺ նախագահի մամլոյ քարտուղար Նայիրի Պետրոսեան:
«Լրագրողների հետ զրուցելիս, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը չի բացառել համաներման հնարաւորութիւնը՝ յայտնելով իր բարի ցանկութիւնը: Նշենք, որ համաձայն Հայաստանի հանրապետութեան Սահմանադրութեան, հանրապետութեան նախագահին է վերապահուած նման առաջարկութեամբ հանդէս գալու իրաւունքը, որից յետոյ միայն, Ազգային ժողովն այն պետք է յայտարարի»: