ՄԱՆԱՍ ՊՈՒՃԻՔԵԱՆ
Ես 400,000 տոլար տուի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի անցեալ թելեթոնին:
Ընկեր մը անեցեալ օր հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ըրի այդ քայլը:
Ձեզ ալ ըսեմ այն, ինչ ըսի ընկերոջս: Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին տրամադրուած գումարները մեր ազգի ապագային ի խնդիր կատարուած լաւագոյն ներդրումները կարելի է նկատել:
Մենք անշուշտ բախտաւոր ենք, որ մեր համայնքին մէջ կը գործեն բազմաթիւ արժանաւոր կազմակերպութիւններ ու հաստատութիւններ, որոնց շարքին են մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները, եւ որոնք արժանի են մեր նեցուկին ու օժանդակութեան:
Սակայն, ընդհանուր հաշուեկշիռը կատարելու ատեն, ինծի համար պարզ կը դառնայ, որ իմ ներդրումիս ամէնէն բարձր շահաւէտութիւնը կ՛ապահովէ Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամը:
Ինչպէ՞ս:
Հայ Դատի հանդէպ ինծի նման յանձնառու հարիւր հազարաւոր ամերիկահայերու հսկայական ներուժը՝ Հայ Դատին յօգուտ եւ նպատակասլաց կերպով օգտագործելու համար:
Նաեւ, բազմաթիւ տաղանդաւոր հայ երիտասարդներուն՝ Ուաշինկթընի մէջ լրագրութեան ու քաղաքական ասպարէզներու մէջ գործի ու աշխատանքի հնարաւորութիւններու դուռ բանալու համար:
Մեր համայնքի ապագան ամուր հիմերու վրայ դնելու առաջադրանքով՝ ղեկավարներու նոր սերունդ մը պատրաստելու ու անոնց անհրաժեշտ փորձառութեամբ հարստացնելու գործին համար:
Ամերիկեան մամուլը եւ ամերիկացի հանրութիւնը Հայ Դատին մասին իրազեկ պահելու համար:
Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամը առաջին գիծի վրայ է միշտ՝ ի պաշտպանութիւն մեր ազգային ինքնութեան, մեր զանգուածները լաւատեղեակ դարձնելու, համայնքային կառոյցներու եւ անհատներու միջեւ շաղկապող օղակ դարձնելու, մեր իրաւունքները պաշտպանելու եւ մեր շահերուն ջատագովը դառնալու իր առաքելութեան մէջ:
Ես Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին կը վստահիմ իմ գաղափարներուս ու իմ գնահատած արժէքներուս տիրութիւն ընելու գործը, գիտնալով, որ ան այդ աշխատանքը յառաջ պիտի տանի ուժգնօրէն եւ արդիւնաւէտ կերպով:
Հիմնադրամի անցեալի իրագործումները, անոր արձանագրած արդիւնքներն ու թափանցիկ աշխատելաձեւը միշտ ալ արդարացուցած են իմ յոյսերս, ակնկալութիւններս ու սպասումներս:
Բոլորս ալ ծանօթ ենք իրողութիւններուն:
Հայաստանը կ՛ենթարկուի միջազգային հսկայական ճնշումներու, կը դիմագրաւէ տնտեսական ծանր տագնապ եւ կանգնած է պատերազմի, նոյնիսկ երկրորդ ցեղասպանութեան մը ենթարկուելու սպառնալիքին առջեւ:
Ասոնք իրական վտանգներ են:
Հայաստանի կենսունակութիւնը խնդրոյ առարկայ է:
Այս իրական բոլոր վտանգներուն դիմաց Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամը յուսալի ուժ մըն է, որ կրնայ կարեւոր դեր կատարել՝ վնասազերծելու համար սպառնալիքները ու արդարութիւն ապահովելու համար մեր ազգին:
Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին դերը առաւել եւս կը շեշտուի, նկատի ունենալով, որ անոր գործունէութեան դաշտը Միացեալ Նահանգներն է, աշխարհի միակ գերտէրութիւնը, որ առանցքային դեր կը խաղայ մեր ժողովուրդի ճակատագրի ճշդման մէջ:
Ձեր նիւթական նեցուկը Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին, այսօր աւելի քան երբեք կենսական դարձած է:
Միացէք ինծի եւ բերէք ձեր մասնակցութեան բաժինը այս ազնիւ ճիգին ու նպատակին:
Ծ.Խ.- Մանաս Պուճիքեան համայնքիս մէջ ղեկավար պաշտօններ վարած է եւ Հայ Դատի աշխատանքներու ռահվիրաներէն է: Ան Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին կազմակերպած 2006ի թելեթոնին իր մասնակցութիւնը բերած էր՝ նուիրելով 400,000 տոլար: