ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մամուլի մէջ արդէն երեւցած էր լուրը, ըստ որուն, «Յառաջ»ը շուտով պիտի դադրի հրատարկուելէ: Մինչեւ թերթի տէր ու տնօրէն ու խմբագիր Արփիկ Միսաքեանի կողմէ չհաստատուէր, այդպիսի լուրի մը արձագանգելը ճիշդ չնկատեցինք: Լուրին չարձագանգելով, թերեւս ծածուկ յոյս մըն ալ փայփայած էինք, որ լուրը կրնայ ճիշդ չըլլալ ու ուր որ է, Արփիկ, իր իւրայատուկ ոճով, պիտի հերքէր զայն ու «Յառաջ»ի շարունակման մասին աւետէր:
Այդպէս չեղաւ, դժբախտաբար: «Ազատ օր»ը արդէն ուղղակի «Յառաջ»էն քաղելով՝ հրապարակած է «ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է. Ինչո՞ւ ստիպուած ենք դադրեցնել «Յառաջ»ի հրատարակութիւնը» վերնագրով Արփիկ Միսաքեանի ստորագրած գրութիւնը, ուր արդէն կը հաստատուի թերթի դադրեցման մասին տեղեկութիւնը: Ցաւով կարդացինք այդ գրութիւնը, զոր կը ներկայացնենք մեր ալ ընթերցողներուն:
«Ինչպէս մեր բաժանորդները կռահած էին Յունուար 1ի մեր խմբագրականի վերջին հատուածէն եւ կցուած վարչական ազդի սակերէն, «Յառա»ջ այլեւս անկարելիութեան առջեւ էր շարունակելու իր առաքելութիւնը։
Վերյիշենք այդ հատուածը.–
«Ու հասանք նոր տարուան մը սեմին։ Նման պարագաներու, Շահնուր յանկերգի պէս կը սիրէր թելադրել մեզի՝ խմբագրականը լաւատեսութեամբ պէտք է վերջանայ, այլ խօսքով՝ վաղը լաւ կը լինի։
Այդպէս ալ փորձած ենք ընել, հակառակ անոր որ տարուէ տարի քիչ մը աւելի բազմացած են մեր դիմաց պարզուող խոչընդոտները։ Տարիները անցան սակայն եւ լաւատեսութիւնն ալ մշուշոտ դարձաւ։ Տոկացինք որքան որ կրցանք, մերժելով լացի պատերը։ Շաւարշի մահէն ետք, յիսնամեակէ աւելի է որ շարունակեցինք տոկալ, բայց ժամը հասաւ որ մենք ալ այլեւս նոյն լաւատեսութեան տէրը չկարենանք մնալ, նախքան մեր կարապի երգը երգելը՝ վաղը»։
Չկարենալ շարունակելու պատճառները մէկէ աւելի են եւ մեզի համար անդարմանելի։ Շարքը երկար է, բայց կրկնենք հիմնականները։ Տպարանի հնամաշ Մաթուսաղայէն մնացած եւ անգործածելի դարձած տողաշար մեքենաները եւ անոնց ամէնօրեայ խանգարումները կը կարօտին գրաշարներու համբերատար եւ հնարամիտ դարմանումներուն։ Ութ տարի է «Յառաջ» դադրած է ինքնաբաւ ըլլալէ եւ իր մատակարարութիւնը կրցած է հաւասարակշռել շնորհիւ քանի մը բարեկամներու լուռ օժանդակութեան։ Դեռ հարկ է աւելցնել բաժանորդներու զգալի նուազումը, քանի «Յառաջ»ի տպաքանակը, որ հազարի իսկ չի հասնիր, ծիծաղելի է գաղութի մը համար, որու կը տրուի հինգ հարիւր հազարի յաւակնոտ թիւը։ Առեւտրական ծանուցումներու բացակայութիւնը եւ այս բոլորին դիմաց վարչութեան կրած յարաճած յաւելումները բոլոր մարզերու մէջ, ինչպէս թղթատարը, առաքման ընկերութիւնը, ընկերային տուրքերը, թուղթը, եւայլն, եւայլն։ Այս եւ այլ խոչընդոտներ պատճառ դարձան որ յանգինք մեր ծանրակշիռ եւ անբաղձալի որոշումին՝ վերջ տալ 83ամեայ օրաթերթի մը հրատարակութեան։ Կը գիտակցինք որ դեռ կան սակաւաթիւ հաւատարիմ ընթերցողներ, որոնց համար օրուան հաց ու պանիրն էր «Յառաջ»ը, բայց ուրիշ որեւէ լուծում չունէինք։ Կը գիտակցինք մանաւանդ, թերթին հետ Շաւարշին վերջնական մահն է, որ կը պատահի, քանի զինք ողջ պահած էինք աւելի քան յիսնամեակ մը ի՛ր թերթով։
Ուզեցինք սակայն, որ պատիւով վերջ գտնէ անոր հրատարակութիւնը, թէեւ հոտ ալ մետասաներորդ պահուն, կը թերանանք մեր կամքէն անկախ պատճառներով։ Արդարեւ, պիտի չկարենանք յարգել Յունիս 30ի թուականը, որ մեր պայմանաժամն էր, բայց պաշտօնազրկման տեղական նոր պայմանագրութիւններու համաձայն, պաշտօնազրկուող աշխատաւորը, պայմանաժամէն առաջ եւ գործատիրոջ հաշւոյն, կրնայ հեռանալ գործէն վերապատրաստութեան շրջանի մը համար, ինչ որ պարագան է մեր տպարանի փոքր անձնակազմին։ Ուրեմն, ստիպուած ենք կանխել մեր պայմանաժամը եւ թերթը դադրեցնելու Մայիսի վերջ, Մայիս 30–31ի թիւով։ Կ՛ապաւինինք մեր բաժանորդներու ներողամտութեան։
Մեր յոյսն է, նոյնիսկ համոզումը որ ֆրանսահայ գաղութը ի մօտոյ կ՛օժտուի հայերէն նոր օրաթերթով մը, արդիական տպարանով եւ ժամանակակից ըմբռնումով, որպէսզի «Յառաջ»ի բացը պարապի չվերածուի։
ՓԱՐԻԶ